Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանը ազգային համերաշխութեան օրինակելի երկիր է:
ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան նախօրեակին, Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակեալներուն կողմէ սկսած են բողոքի ձայն բարձրացնելու նախապատրաստութիւններ, նպատակ ունենալով ընդհանուր ներում պահանջել` օգտագործելով պապին Լիբանան այցելութեան առիթը:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ իր քաղաքացիներուն եւ պաշտօնեաներուն հոգատարութիւնն ու անոնց իրաւունքներուն ապահովումը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ուժերը ռմբակոծեցին Ուատի Խալետի լիբանանեան սահմանամերձ շրջանները: Ռմբակոծումները պատճառած են վիրաւորներ:
ՄԱՒՐԻՏԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի ընկերակցող երկու անհատներու արտօնութիւն տրուեցաւ հանդիպում մը ունենալու Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսիի հետ եւ երկար ժամանակի համար հարցաքննելու զայն` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտացման հարցին գծով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան պիտի այցելէ` շեշտելու համար, որ այս երկիրը ապահով է եւ դերակատարութիւն ունի կատարելիք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հարց տուաւ, որ արդեօք որոշ ընտանիքներու զինուորական թեւերը եւ անիւներ հրկիզելու «մշակոյթ»-ը չե՞ն վնասեր զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան, թէ միայն ծխելը արգիլող օրէնքի գործադրութիւնն է, որ այդ մէկը կը կատարէ:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը կը գործէ այնպիսի յարձակողական արարքներ, որոնք համազօր են իսրայէլեան արարքներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ նաեւ Լիբանանը ներքաշել իր դիմագրաւած տագնապին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ պէտք է գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը տեղակայել նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն օժանդակութիւն խնդրէ` հիւսիսային Լիբանանի ռմբակոծումներուն հակադարձելու առումով: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յանձնառու է լուծումներ գտնելու եւ Թրիփոլիի մէջ նախապատրաստուած սադրանքներուն վերջ տալու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կեցուածքները ատելութեամբ լեցուն են եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքը վտանգի կ՛ենթարկեն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ պիտի շարունակէ քննարկել Սուրիոյ տագնապին թղթածրարը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ կոչ ուղղեց գտնելու այնպիսի աղբիւրներ, որոնց հիման վրայ կարելի է ֆինանսաւորել աշխատավարձերու յաւելումները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ պահանջուածը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումն է:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն աշխատավարձերու յաւելումներու վաւերացման իմաստով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ներկայացուելիք ծրագիրին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա նշեց, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարին ուղղած ամբաստանութիւնները` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դէմ, անճիշդ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծը պիտի քննարկուի արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ, որպէսզի այդ օրինագիծը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանները ոչ ոքի հակակշիռին տակ կը գտնուին եւ լիբանանեան սահմանամերձ շրջանները ոչ մէկուն կողմէ կը պաշտպանուին, իսկ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը ճակատագիրին յանձնուած է:
Մերեհպի պահանջեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը տեղակայուին հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի վաւերացնէ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումները:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծը խորհրդարանին մէջ լուրջ քննարկումի պիտի ենթարկուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պահելու համար իր կառավարութիւնը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի Տիման այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին նաեւ` ընտրական օրինագիծը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ պէտք է վաւերացնել պաշտպանութեան այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որ կարենայ պաշտպանել Լիբանանի բոլոր սահմանները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութեան պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարը քննարկող ազգային խորհուրդ մը կազմելու օրինագիծը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ իրենք պիտի պահպանեն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` մերժելով համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան հողերու ռմբակոծումին դէմ իր ներկայացուցած բողոքին գծով հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ չէ խորհրդակցած: Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը կը մաղթէ, որ սահմանային շրջանին մէջ արձանագրուած սուրիական ռմբակոծումներու հարցը արմատական եւ անմիջական լուծում գտնէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը այսօր Մաարապի մէջ ընդարձակ նիստ մը պիտի գումարեն` որդեգրելու համար յառաջիկայ հանգրուանին ընթացքին գործադրուելիք քաղաքական ուղեգիծը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութեան պատասխանատու Ամմար Մուսաուի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են լիբանանեան ներքին կայունութեան` աւելցնելով, որ այդ անվտանգութեան պահպանումը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսի իմամ Մուսա Սատըրի անյայտացման մասին որոշ տեղեկութիւններ ունի` աւելցնելով, որ իրենց համբերութիւնը պիտի հատնի տուեալ պահուն:

