Շարպել Թարապէյի Հետ Քննարկեց Դրամատուներուն Իրավիճակը
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց դրամատուներուն իրավիճակը:
Թարապէյ ողջունեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` ձերբակալելու համար քանի մը դրամատուն գողցած աւազակները, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը շարունակեն տիրական մնալ` պահպանելու համար դրամատնային մարզին ծառայութիւնները:
Թարապէյ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը իսկապէս կարիք ունի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ բարգաւաճեցնել երկրին տնտեսութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան բարելաւելու տնտեսական կացութիւնը, որովհետեւ խաղաղութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է լիբանանցիին ապահովուելիք արժանապատիւ կեանքին:
CATEGORIES Լիբանանեան


