Փարիզի Մէջ Հարիրի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Ֆապիւսի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Նշենք, որ Հարիրի անցեալ կիրակի գիշեր ընթրիքի մը ներկայ գտնուած է` ներկայութեամբ իր խորհրդատուին` Նատեր Հարիրիի, նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդ. Ուիսամ Հասանի եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ճոնի Ապտոյի: Ընթրիքին ընթացքին քննարկուած են նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ձերբակալումը եւ անոր ունենալիք քաղաքական արդիւնքները:
CATEGORIES Լիբանանեան