Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ալի Հասան Խալիլը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին առումով  իրենք կը զօրակցին Ռայի պատրիարքին:

«Ընտրական օրէնքին առումով մենք լսեցինք Ռայի պատրիարքին տեսակէտը եւ մենք վստահ ենք, որ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի ազգային շահերուն եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին զարգացման», ընդգծեց Հասան Խալիլ:

Խալիլ ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն յաջողցնելու համար այդ այցելութիւնը` ամբողջ Արեւելքի մակարդակին վրայ եւ ոչ միայն Լիբանանին:

Հասան Խալիլ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շեշտէ, թէ քաղաքական եւ ժողովրդային առումով պիտի նպաստէ այդ այցելութեան յաջողութեան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր Տիմանի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին:

Share this Article
CATEGORIES