Սապունճեան Ընդունեց Պասիլը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ նախարար Սապունճեանի հետ քննարկած է ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն եւ գործատէրերուն բողոքը` ելեկտրական հոսանքին ընդհատումէն:
Պասիլ յայտնեց, որ իրենք քաջ գիտեն, թէ ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւնը լուրջ հարց է ընկերութեան եւ երկրին տնտեսութեան ու յատկապէս գործատէրերուն համար` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը ունի նոր ծրագիր մը, որ մասնակի լուծում կ՛ապահովէ գործարաններուն տրամադրուելիք ելեկտրական հոսանքին առումով:
Իր կարգին, Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ Պասիլի հետ իր ունեցած նիստը լրացումն է նախապէս տեղի ունեցած նիստերու, որոնք կը միտէին լուծել գործատէրերուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան մաղթեց, որ կարելի ըլլայ գործատէրերը գոհացնող օրէնքներով դուրս գալ:


