«Կը Պահանջենք Պաշտօնական Տեղեկագիր Մը Հրապարակել Սուրիոյ Հետ Սահմանային Շրջանի Միջադէպերուն Մասին» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումը քննարկած է խորհրդարան փոխանցուած ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ հողակտորներու վրայ տուրքեր պարտադրելու օրինագիծը, որմէ կը նախատեսուի գումարներ ապահովել եւ կատարել պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները:
Զօր. Աուն նշեց, որ տուրքեր պարտադրելու հարցը բաւական զգայուն է` նկատել տալով, որ իրենք անյարմար գտած են տուրքեր պարտադրելու այդ ձեւը:
Զօր. Աուն ակնարկեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ներկայացուած բողոքի նամակին եւ շեշտեց, որ այդ նամակին մէջ նշուած տեղեկութիւնները բացայայտօրէն լիբանանեան հանրութեան ներկայացնելը շատ վտանգաւոր է:
«Մենք կառավարութենէն պաշտօնական տեղեկագիր կը պահանջենք Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակին մասին: Մենք կ՛ուզենք պաշտօնական տեղեկագիր մը` պատրաստուած ներքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, բանակի հրամանատարութեան եւ կամ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ», ընդգծեց զօր. Աուն:

