Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Ընկերային, Տնտեսական Եւ Միջազգային Շարք Մը Հարցեր
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն յայտնեց, թէ միջազգային ընտանիքը հրաւիրուած է դէմ դնելու այն դժուարութիւններուն, զորս կը պատճառէ թշնամի Իսրայէլը` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կողմէ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու եւ զայն զինելու ծրագիրները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Փլամպլի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Փլամպլի մաղթեց, որ առեւանգուածներուն թղթածրարը մօտիկ ապագային աւարտի` աւելցնելով, որ ՄԱԿ լիբանանեան իշխանութիւններուն կ՛օժանդակէ սուրիացի գաղթականները ընդունելու առումով:
Լիբանանի մէջ ճաշարաններու սեփականատէրերու սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց հանրային փակ վայրերուն մէջ ծխելը արգիլող թիւ 174 օրէնքին գործադրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ճաշարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փոլ Արիս ընդգծեց, որ բոլոր ճաշարաններուն մէջ այդ օրէնքը պիտի գործադրուի` աւելցնելով, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը քաղաքացիներուն առողջութիւնն է:
Արիս շեշտեց, որ իրենք օրէնքին կ՛ենթարկուին` նկատել տալով, որ սրճարաններուն պարագային իրենք որոշ լուծման պիտի յանգին:
Այս հարցով վարչապետ Միքաթիին այցելեց նաեւ քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ նկատել տուաւ, թէ վարչապետ Միքաթի համաձայն է օրէնքին գործադրութեան` աւելցնելով, որ օրէնքը բարեփոխումի ենթարկել փափաքող կողմը պէտք է խորհրդարան ներկայանայ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որ նշեց, թէ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներ կատարելու հեռանկարները` դիտել տալով, որ նիւթական այդ պարտաւորութիւնը կատարելու իմաստով օգտագործելի զանազան աղբիւրներ կան:
Վարչապետարան այցելեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:


