ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. «ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ` ԾԻԱԾԱՆԻ ՏԱՐԲԵՐ ՆՐԲԵՐԱՆՔՆԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «գաղութէ գաղութ` ծիածանի տարբեր նրբերանգներ» նիւթով դասախօսութիւնը` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին:

Այս առիթով յանձնախումբին անունով, բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Խաչատուրեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Քրիստոսի յարութեան տօնն ու Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը զուգադիպին նոյն օրուան, եւ այս շրջագիծին մէջ յանձնախումբը յարմար նկատած է անդրադառնալ գաղութէ գաղութ սփռուած հայութեան, ծանօթանալ իւրաքանչիւր գաղութի մտահոգութեան, մատնանշել գաղութներուն իւրայատկութիւններ` ներշնչուելով անոնց սխրագործութիւններէն, եւ ամէնէն կարեւորը` սքանչանալով ծիածանի տարբեր նրբերանգներով: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօս Հրայր Ճեպեճեանը` անդրադառնալով անոր գործունէութեան, Աստուածաշունչի տարածման աշխատանքին մէջ անոր ունեցած ծառայութեան եւ վերջերս հրատարակուած «Հայու գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքին:

Ապա Մակի Մկրտիչեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» գործէն հատուած մը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին:

Հրայր Ճեպէճեան իր խօսքին առաջին բաժինով բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը` շեշտելով, որ հայ մօր դերը օրէ օր կը դառնայ աւելի անհրաժեշտ` նոր սերունդի դաստիարակման մէջ, յատկապէս կրթադաստիարակչական աշխատանքը, որ շատ կարեւոր է լիբանանահայ գաղութին ազգապահպանման գործին մէջ:

Հրայր Ճեպեճեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Խօսելով սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մասին` Ճեպեճեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ մարդը ինքզինք հաստատելէ ետք անհրաժեշտ գտաւ նաեւ կազմել գաղութ` ստեղծելով եկեղեցիներ, դպրոցներ, միութիւններ, թերթեր, կուսակցութիւններ: «Տարագրութենէն ետք յստակ էր, որ հայուն գոյապայքարը իր հայկական արմատներուն եւ ինքնութեան վրայ մնալու յանձնառութեան վրայ էր», ըսաւ ան: Տարիներու ընթացքին, սակայն, փոխուեցաւ այդ իրականութիւնը: Սփիւռքահայութիւնը հետզհետէ սկսաւ բացուիլ, իւրաքանչիւր գաղութ սկսաւ ստեղծել իր ինքնութիւնը եւ աշխատեցաւ բարելաւել ինքզինք` շաղուելով ապրած երկրին մշակոյթին հետ, եւ հոս է, որ գաղութները սկսան տարբերիլ իրարմէ, եւ իւրաքանչիւր գաղութ սկսաւ կերտել իր նկարագիրը:

 

Այնուհետեւ Ճեպեճեան մանրամասնեց իւրաքանչիւր գաղութի տարբերութիւնը` անդրադառնալով իւրաքանչիւրին կենցաղին: Ան նաեւ նշեց, որ բոլորս իրարու միացնող հասարակ յայտարարը մեր տագնապն է` հայուն տագնապը, Ցեղասպանութիւնը, եւ մեր ամբողջ մտածողութիւնը, մշակութային հասկացողութիւնը, մեր աշխատանքային ծրագիրը առնչուած են Ցեղասպանութեան եւ այդ պատճառով ալ մենք այսօր ունինք պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ անպայմանօրէն հայապահպանումի հարցերը. ձեւերը կրնան տարբերիլ, – ըսաւ ան.- բայց նպատակը նոյնն է:

Հրայր Ճեպեճեան անդրադարձաւ նաեւ տարբեր գաղութներու դժուարութիւններուն` ներկայացնելով նաեւ մանրամասնութիւններ այդտեղ կատարած իր ճամբորդութիւններու ընթացքին հաւաքած տեղեկութիւններէն` սկսելով Հնդկաստանէն անցնելով Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ, Պելճիքա, Հարաւային Ամերիկա, Պրազիլ, հասնելով Պոլիս Շուէտ եւ Չեխիա:

«Սփիւռքահայ իրականութիւնը փոխուող իրավիճակներու մէջ է եւ ասիկա ունի իր լաւ եւ վատ կողմերը», ըսաւ ան: Առաջին մեծ հիմնահարցը Հայաստանէն արտագաղթն է, որ կը պարպէ հայրենիքը իր բնակիչներէն: Ճեպեճեան յիշեց նաեւ իսլամացած հայերուն պարագան: «Սփիւռքը հասկնալը բաւական բարդ գործ է, այդտեղ կան տարբեր իրականութիւններ, եւ մեզ բոլորս միացնողը նոյն տագնապն է` մեր պահանջատիրութիւնը եւ ազգապահպանումը:

«Երբ մենք մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը կը սիրենք, ապա պէտք չէ մտահոգուիլ մնացեալով… եթէ մեր զաւակները իսկապէս իբրեւ հայ մարդ կը մեծցնենք, ապա բնականաբար անոնք լաւ լիբանանցի պիտի ըլլան», եզրափակեց Հ. Ճեպեճեան:

Իր խօսքի աւարտին Հրայր Ճեպեճեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES