2014-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Մալթայի Եւ Պուլկարիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր կազմը` յառաջիկայ 7 եւ 11 սեպտեմբերին յաջորդաբար Մալթայի եւ Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն համար:

Անոր կազմին հրապարակումէն քանի մը օր ետք, հաւաքականը սկսաւ իր փորձերուն` Աւանի մէջ գտնուող Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Փորձերէն բացակայեցաւ Գէորգ Ղազարեան, որ անհանգիստ է, իսկ Ռոման Պերեզովսքի թէեւ առաջին օրուան փորձերուն չմասնակցեցաւ, սակայն ան աւելի ուշ միացաւ կազմին: Այսուհանդերձ նշենք, որ ան կախակայուած ըլլալով պիտի չմասնակցի Մալթայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Փորձերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի խմբապետ Սարգիս Յովսէփեան, որ 1 սեպտեմբերին Արարատ Փիւնիկ մրցումին չմասնակցեցաւ` մէջքի ցաւ ունենալուն պատճառով:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հաւաքականին մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանէն:

Նախապէս մրցումները պատկերասփռողը կ՛ըլլար Հանրային պատկերասփիւռի կայանը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )