2014-ի Մոնտիալ. Էշլի Քոլ Բացակայ` Անգլիոյ Կատարելիք Ուրբաթ Օրուան Մրցումէն
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Էշլի Քոլ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին Մոլտաւիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:
31 տարեկան Քոլ, որ մաս կը կազմէ Չելսիի, վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթ, երբ անոր կազմը Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ տիրացաւ տիտղոսին:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ կիրակի օր կը յստականայ, թէ ան արդեօք ի վիճակի՞ է մասնակցելու 11 սեպտեմբերին Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք զտումի երկրորդ մրցումին:
Նշենք, որ Անգլիոյ մարզիչ Ռոյ Հոճսըն ցարդ չէ որոշած, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Քոլը փոխարինողը:
CATEGORIES Մարզական


