Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Առաջին. Հրակ Գըլըպոզեան Եւ Հրակ Լախեան Երրորդ
Երէկ` երեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Յունաստանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերուն:
Լիբանանի կազմին մէջ էին հինգ հայեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ դասակարգի մրցումներուն. Նանօր Առնելեան (8 տարեկանէն վար), Հրակ Լախեան (8 տարեկանէն վար), Նարօտ Գըլըպոզեան (10 տարեկանէն վար), Քարլօ Դարբինեան (12 տարեկանէն վար) եւ Հրակ Գըլըպոզեան (14 տարեկանէն վար):
Անոնք հինգն ալ բաւական տպաւորիչ եւ գոհացուցիչ արդիւնքներ արձանագրելով գրաւեցին պատուաբեր դիրքեր:
3 մասնակցողներու մէջ (աղջիկներ) Նանօր Առնելեան 4 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ 11 մասնակցողներու մէջ (տղաք) Հրակ Լախեան 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:
15 մասնակցողներու մէջ (տղաք) Հրակ Գըլըպոզեան 5,5 կէտ ապահովելով (հայերուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը) հանդիսացաւ երրորդ:
Ինչ կը վերաբերի Քարլօ Դարբինեանին եւ Նարօտ Գըլըպոզեանին, ապա անոնք յաջորդաբար 4 կէտ (22 մասնակցող) եւ 3 կէտ (8 մասնակցող) ապահովելով գրաւեցին 4-րդ դիրքը:
Առաջին, երրորդ կամ չորրորդ դիրքը գրաւելէն աւելի, բոլորին համար ալ էականը եղաւ այն, որ անոնք ամէնէն առաջ Լիբանանը ներկայացուցին` իբրեւ ախոյեան, իսկ երկրորդ` վերոնշեալ մրցաշարքին մասնակցելով յաջողեցան ձեռք ձգել միջազգային մեծ փորձառութիւն:


