Շաբաթ, 29 Սեպտեմբերին` Լիբանանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Անոնք տեղի պիտի ունենան ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ` Ժըմմէյզէ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել 9 սեպտեմբերէն մինչեւ 26 սեպտեմբեր պարտին ֆետերասիոնին քարտուղարութեան մօտ իրենց անունները արձանագրել: Այդ թուականէն ետք որեւէ դիմումնագիր ընդունելի պիտի չըլլայ:
Թեկնածուն պարտաւոր է պաշտօնական նամակով մը իր թեկնածութիւնը առաջադրել, ներկայանալ անձնագիրի կամ իխրաժ քայտի լուսապատճէնով, ի զօրու եղող մէկ ամսուան սըժըլ ատլիով եւ 2 լուսանկարով:
CATEGORIES Մարզական

