Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Չինաստանէն
Երէկ` երեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չինաստանէն, պարագլուխի դիրքէն նահանջեց չորրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով Ռուսիոյ, որ 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանի:
Մինչ Լեւոն Արոնեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն արձանագրեցին, անդին Սերկէյ Մովսիսեան պարտուեցաւ:
Հայաստան, որ այժմ ունի 11 կէտ, այսօր պիտի մրցի նոյնքան կէտ ունեցող Ուզպեքիստանի դէմ, մինչ Ռուսիա պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց հաւաքականին, անիկա 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ: Մարիա Քուրսովա յաղթեց, մինչ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Կալոյեան հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Հայաստանի աղջիկները, որոնք այժմ 10 կէտով կը գրաւեն 15-րդ դիրքը, այսօր կը մրցին Ռումանիոյ դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի տղոց խումբին, անիկա 2,5-1,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Փորթօ Ռիքոյէն:
Ֆայսալ Խէյրալլա, Ամրօ Ժաուիշ պարտուեցան, Ֆետի Իտ յաղթեց, իսկ Անթուան Քասիս հաւասարեցաւ: Լիբանան այժմ 5 կէտով կը գրաւէ 114-րդ դիրքը:
Իսկ աղջկանց խումբը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիւքսամպուրկի հետ: Մայա Ժալլուլ եւ Տանիել Պետրոսեան յաղթեցին, իսկ Եումնա Մախլուֆ եւ Սարա Շամիեհ` պարտուեցան:
Լիբանանի աղջիկները այժմ 6 կէտով կը գրաւեն 78-րդ դիրքը:


