Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին հրապարակեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Այդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին ուրբաթ, 28 սեպտեմբերին` Ախա Ահլի Ալէյ – Սաֆա բացման մրցումով (յայտագիրը տեսնել ստորեւ):

Ֆետերասիոնը վաւերացուց 25-26 օգոստոսին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի մրցումներուն հսկող անձերուն քննութիւններուն արդիւնքները, որոնց ընթացքին 46 անձերէն 31-ը յաջողեցան:

Վաւերացուեցան նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց ընթացքին Ահտ յաղթեց Նըժմէի (2-1), իսկ Սաֆա` Անսարի (1-0):

Ահտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Նըժմէ մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ասկէ մեկնելով եւ յառաջիկային նմանօրինակ արարքներու առաջքը առնելու համար, ֆետերասիոնը Ա. դասակարգի ակումբները յատուկ ժողովի մը հրաւիրեց Վերտանի իր կեդրոնատեղիին մէջ ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը

11:00-ին:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը յետաձգեց Լիբանանի ֆութսալի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին սկսումը: Առաջինը պիտի սկսէր 29 սեպտեմբերին, իսկ երկրորդը` 6 հոկտեմբերին:

Ստորեւ կու տանք  Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր
Ախա Ահլի Ալէյ – Սաֆա 3:30 Պհամտուն
 

Շաբաթ, 29 սեպտեմբեր

Ահտ – Իժթիմահի 3:30 Մարզական Աւան
Շապապ Ղազիէ – Նըժմէ 3:30 Սայտա
 

Կիրակի, 30 սեպտեմբեր

Շապապ Սահել – Ռասինկ 3:30 Սայտա
Թատամոն Սուր – Սալամ Սուր 3:30 Սուր
Թրիփոլի – Անսար 3:30 Թրիփոլի


 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES