Գաղութէ-Գաղութ

Յունաստան

«Ճի. Էմ. Մաքս Յուշեր» Պարային Համոյթը

Օգոստոս 23-ին Ալեքսանդրոպոլի ամառնային սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Ճի. Էմ. Մաքս յուշեր» պարային համոյթը, որ յատուկ հրաւէր ստացած էր Յունաստանի Ալեքսանդրոպոլի «Արամ Խաչատուրեան» Համազգային մշակութային միութեան կողմէ:

Ձեռնարկի հանդիսավարներն էին Ալեքսանդրոպոլի Համազգային մշակութային միութեան ատենապետ Արա Վարդանեան եւ միութեան անդամ Տիանա Իոանեսեան:

Համոյթին  մէջ իր առանձնայատուկ տեղը գրաւած էր Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆեսէօր, միջազգային մրցոյթի դափնեկիր Սամուէլ Գազարեան:

Աւարտին Համազգային միութեան անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան «Ճի. Էմ. Մաքս յուշեր» պարային համոյթի ղեկավարներ Գագիկ Մնացականեանին եւ Էտկար Աւետիսեանին:

Ղեկավար Գագիկ Մնացականեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ նման ջերմ մթնոլորտ ու վերաբերմունք չէին ստացած որեւէ պետութեան մէջ:

Արցախէն Յունաստան Ժամանած 22 Պատանիները
Ամբողջ
Օր Մը Անցուցին ՀՅԴ
Պատանեկան
Միութեան Բանակավայրին Մէջ

Աթէնքի արուարձաններէն Քափանտրիթիի մէջ կը շարունակուի ՀՅԴ Պատանեկան միութեան 32-րդ ամառնային բանակումը:

30 օգոստոսին, Արցախէն Յունաստան ժամանած 22 պատանիներ այցելեցին բանակավայր ամբողջ օր մը անցուցին բանակումին մասնակից պատանիներուն հետ:

Դաստիարակչական պահը նուիրուած էր Արցախի մէջ պատանի ու երիտասարդ սերունդի առօրեային ու դիմագրաւուած հարցերուն. պատանիները անձնական պատմուածքներով ներկայացուցին իրենց կեանքի կարեւոր բաժինները:

Յաջորդեց լողաւազանի ու զուարճանքի պահը` բոլորին մասնակցութեամբ: Յայտագրի մնացեալ պահերուն` ազատ ժամ, մարզանք, ֆութպոլի մրցում, ձեռային աշխատանք, ընթրիք, պատանիները քով-քովի եկան` իրարու հետ հաղորդակցելու սերտ ձեւ ու անկեղծ ոճ որդեգրելով:

Ընթրիքին  յաջորդեց ընկերային կեանքի պահը, ուր երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով յաւելեալ զարգացաւ ընկերային կապը:

Տղաքը ուշ գիշերին վերադարձան Փիրէա:

Երկուշաբթի` 3 սեպտեմբերին «Խածիքիրիաքիօ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂՀ անկախութեան նուիրուած տօնական ձեռնարկը:

 

Փարիզ

Ալեն Տըլոն Դեր Կը Ստանձնէ Սարիկ
Անդրէասեանի
Ժապաւէնին Մէջ

Փարիզի մէջ աւարտած են նկարահանումները «Շնորհաւոր Ամանոր, մայրիկ» ժապաւէնին, որ բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի «Գարնանային մայրեր» ժապաւէնին շարունակութիւնն է:

Շարժապատկերը բաղկացած է հինգ դրուագներէ, որոնց հերոսները ամէն գնով կը ձգտին շնորհաւորելու իրենց մայրերը` Նոր տարուան առիթով:

Դրուագներէն մէկը բեմադրած է Սարիկ Անդրէասեանը: Անոր մէջ դերեր ստանձնած են ռուս «շոման» Պաւել Վոլիա, դերասանուհի Իրինա Ռոզանովա ու ֆրանսացի դերասան Ալեն Տըլոն: Ժապաւէնին մէջ վերջինս կը կատարէ ինքն իր անձին դերը:

Տըլոնի հետ աշխատելէ ետք Անդրէասեան ըսած է, որ շատ նշանաւոր մարդիկ իրականութեան մէջ աւելի պարզ են, քան` անոնց մասին մարդոց ունեցած տպաւորութիւնները:

Բեմադրիչը նաեւ յայտնած է, որ Տըլոն ինք ընտրած է իր հագուստը, ինչպէս նաեւ նկարահանման ընթացքին հանդէս եկած է սեփական առաջարկներով:

Տըլոն ցանկութիւն յայտնած է ներկայ գտնուելու շարժապատկերի` դեկտեմբերին տեղի ունենալիք անդրանիկ ներկայացման:

 

Միացեալ Նահանգներ

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը
5000
Տոլար Տրամադրեց ՀՕՄ-ի
Սուրիահայ
Օգնութեան Աշխատանքներուն

15 օգոստոսին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեանի ընկերակցութեամբ, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Եսթեր Չելեպեան-Թաքնոզի եւ գանձապահ Վարդան Փոլատեան. անոնց կ՛ընկերակցէր նաեւ ծանօթ բժիշկ Հրայր Աթիկեան:  Անոնք կարեւոր հանդիպում մը ունեցան շրջանի ՀՕՄ-ի նորընտիր Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պոզոյեանի, փոխատենապետուհի Գարմեն Լիպարիտեանի եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէնուհի Ժասիկ Ճառահեանի հետ:

Միութեան ներկայացուցիչները բարձր գնահատեցին սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնը եւ 5000 ամերիկեան տոլար նուիրեցին ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան Ֆոնտ»ին: Խօսակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ սուրիահայութեան օգնելու հարցը համագաղութային երեւոյթի վերածելու հրամայականը, որուն վստահաբար պիտի զօրակցի համայն հայութիւնը:

Շրջանային վարչութեան անունով ատենապետուհի Լենա Պոզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան` այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, եւ մաղթեց, որ ան բարի օրինակ հանդիսանայ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն:

30 Հազար Տոլար Գոյացաւ
«
Մեր Զինուորներուն Հետ» Արշաւին Համար

Արցախի ազատամարտին վիրաւորուած հայ զինուորներու օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով ծնունդ առած ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւի ծիրին մէջ, 18 օգոստոսին Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի եւ յեղափոխական երգերու ձեռնարկ մը:

ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ 2012-ը «Ազատամարտիկի տարի» հռչակուած է, եւ վերոյիշեալ արշաւը արդէն իսկ կրցած է 20 ազատամարտիկներու բժշկական խնամք ապահովել:

ՀԵԴ-ն դիմած էր շրջանի ՀՅԴ-ին, ՀՕՄ-ին եւ ՀԵԴ-ի ուխտերուն, որոնց աջակցութեամբ եւ անհատներու կատարած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ` կարելի եղաւ գոյացնել 30 հազար տոլար գումար մը:

Ձեռնարկի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւին մասին տեսերիզ  մը, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բժշկական խնամքի կարօտ ազատամարտիկներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարար քայլերու չեն դիմած` անոնց բժշակական խնամք ապահովելու համար:

Ապա ելոյթ ունեցաւ ՀԵԴ-ի այս տարուան  «Երիտասարդական ջոկատներ»  արշաւի խորհրդատուներէն Գասպար Ճիվելեկեան, որ առիթը ունեցած էր հանդիպելու նշեալ ազատամարտիկներուն հետ, շեշտելով, որ անոնց ներկայ վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները անընդունելի են: Ան նաեւ հաստատեց, որ դրամահաւաքի արշաւին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի քան 50 ազատամարտիկներու բժշկական կարիքները հոգալ:

Հայաստանի Հիասքանչ Քարանձաւները

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Արարատ» հայրենակցական եւ մշակութային  միութեան, 19 օգոստոսին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի քարանձաւներուն նուիրուած սահիկներու ցուցադրութեան ձեռնարկ մը:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց «Արարատ» միութեան նախագահ Ազատ Ազատխանեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօս տոքթ. Չարլզ Չաւտարեանին կենսագրական գիծերը:

Տոքթ. Չաւտարեան սահիկներու ցուցադրութենէն առաջ տուաւ հակիրճ զեկոյց մը իր ուղեւորութեան մասին` ցոյց տալով լեռնագնացութեան պարագային գործածուելիք յատուկ կօշիկները, ապահովութեան գլխարկներն ու հանդերձանքը, եւ բացատրեց նախզգուշութեան պայմանները:

Հայաստանի տարածքին գտնուող եւ երկար դարերու պատմութիւն ունեցող բնական քարանձաւներու, ինչպէս նաեւ վերջին դարերուն գոյացած մարդկային ձեռակերտ քարայրներու հետախուզական արշաւներէն առաջինը, ըստ տոքթ. Չաւտարեանին, տեղի ունեցած է 2007-ին, իսկ անկէ ետք յաջորդաբար` 2010-ին ու 2011-ին:

Տոքթ. Չաւտարեանին ու իր խումբին իրականացուցած այս քայլը մեծապէս գնահատելի է: Վստահաբար, մեր մշակութային ու գեղարուեստական արժէքներու կողքին, իրենց յատուկ տեղը ունին քարանձաւներու ու քարայրներու հոյակապ գանձերն ու պատմութիւնները:

Ամերիկահայերը Կը Մեծարեն
«
Ազատութեան Մրցանակ» Կը Շնորհեն
Քերոլայն
Քոքսի

Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի Հայ դատի յանձնախումբին, 1 դեկտեմբերին յանձնախումբի 6-րդ ամէնամեայ հաւաքի ժամանակ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միացեալ թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին, որուն պիտի շնորհուի ամենաբարձր պարգեւը` «Ազատութեան մրցանակ»-ը:

Յանձնախումբին նախագահ Ճորճ Աղճայեան նկատել տուաւ, որ իրենց համար հպարտութիւն է մեծարել եւ պատուել պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ տասնեակ տարիներ շարունակ ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար:

Յանձնախումբի` «Ազատութեան մրցանակ»-ը կը շնորհուի այն անհատին, որ մեծ ներդրումներ ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան առնչուող կարեւորագոյն հարցերու մէջ իր բերած օժանդակութեան համար:

Քոքս յայտնեց, որ Հայաստանի ոգին յոյս կը սփռէ եւ կ՛օգնէ ոչ միայն Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` այս տարածքներու սահմաններէն դուրս գտնուող կարիքաւոր մարդոց:

Պարոնուհին  Հայաստան եւ Արցախ  այցելած է 75 անգամ: Այցելութիւններէն շատերը եղած են արցախեան պատերազմի տարիներուն: Քոքսը ներկայիս համագործակցութեան մէջ է Ստեփանակերտի մէջ  հիմնուած HART (Humanitarian Aid Relief Trust) ոչ հասութաբեր  կազմակերպութեան հետ: Կառոյցը բոլոր տարիքի անձերու կը տրամադրէ վերականգնողական ծառայութիւններ:

 

Ար­ժան­թին

Մա­հա­ցած Է Մտա­ւո­րա­կան Եւ
Կրթա­կան Մշակ Պետ­րոս Հաճ­եան

Ոչ եւս է ար­ժան­թի­նա­հայ բազ­մա­վաս­տակ գրա­գէտ ու կրթա­կան եր­բեմ­նի մշակ Պետ­րոս Հաճ­եան:

Պուէ­նոս Այ­րե­սի մէջ ան իր հո­գին աւան­դած է սիր­տի վի­րա­հա­տու­թեան ըն­թաց­քին:

Պետ­րոս Հաճ­եան ծնած է Ճա­րապ­լոս (Սուր­իա) 1933-ին: 1954-ին ան նուիր­ուած էր ու­սուց­չու­թեան եւ հա­յե­րէն ու հայ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դած Տէր Զօ­րի եւ Հա­լէ­պի վար­ժա­րան­նե­րու մէջ: 1967-1970 տա­րի­նե­րուն, տնօ­րէ­նը եղած էր Հա­լէ­պի Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նին: 1970-էն ի վեր հաս­տատ­ուած էր Պուէ­նոս Այ­րես եւ վա­րած տեղ­ւոյն Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը:

Ու­սուց­չա­կան իր աս­պա­րէ­զին առըն­թեր, Պետ­րոս Հաճ­եան ու­նե­ցած է հան­րա­յին-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւն: Եղած է փոխխմ­բա­գիր Հա­լէ­պի «Արե­ւելք» պաշ­տօ­նա­թեր­թին, այ­նու­հե­տեւ խմբա­գիր` Պուէ­նոս Այ­րե­սի «Ար­մէն­իա» օրա­թեր­թին (1971-1986): Հե­ղի­նա­կած է «Հայ մտքի մշակ­ներ» հա­յե­րէն-սպա­նե­րէն երկ­հա­տոր­եայ աշ­խա­տու­թիւնը, քե­րա­կա­նու­թեան եւ լեզ­ուի դա­սա­գիր­քե­րու շար­քեր, ըն­դա­մէ­նը եօ­թը հա­տոր, «Հրամ­մե­ցէք Պա­րոն­ներ» պատմ­ուածք­նե­րու հա­տո­րը եւ «Մեծ Եղեռ­նի մեծ նա­հա­տակ­ներ» հա­յե­րէն-սպա­նե­րէն հա­տո­րը, «Կար­կե­միշ» եւ «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն դէ­պի Կար­կե­միշ» ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան վէ­պե­րը, «Հա­րիւր տա­րի-հա­րիւր պատ­մու­թիւն» գիր­քը, եւ իր վեր­ջին գիր­քը, որուն մէջ ան կը պատ­մէր Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի կեան­քին մա­սին:

 

Քանատա

ՀՅԴ ՔԵՄ–ի 40-րդ Պատգամաւորական Ժողով

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան 40-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 18-19 օգոստոսին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ. ներկայ էին 8 մասնաճիւղերէ 31 պատգամաւորներ` Քանատայի զանազան քաղաքներէն. «Սիմոն Զաւարեան»` Թորոնթօ, «Լեւոն Շանթ»` Մոնրէալ, «Բեկոր Աշոտ»` Լաւալ, «Արամ Մանուկեան»` Քեմպրիճ, «Քեռի»` Ուինզըր, «Յառաջ»` Սենթ Քաթրինզ, «Արշաւիր Շիրակեան»` Վանքուվըր եւ «Արարատ»` Համիլթըն:

Օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ՔԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի ամառնային ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, ՔԵՄ-ի ծաւալած քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւնը եւ քանատահայ երիտասարդութիւնը:

Արժեւորելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, ժողովականները մշակեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը:

Վանաձորի ճամբար ծրագիրով ՔԵՄ-ի հայրենիք գործուղուած անդամները կը կազմակերպեն երկշաբաթեայ ճամբար մը` վանաձորցի պատանիներուն համար, որուն ընթացքին աւելի քան հարիւր պատանիներ, խաղի, պարի ու երգի կողքին, կը ստանան անգլերէնի, հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ: Այս ծրագիրը դարձեալ պիտի կիրարկուի յառաջիկայ տարեշրջանին:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Արծիւ» պաշտօնաթերթը այս տարի կրկին անգամ հրատարակուեցաւ երեք թիւով, որոնք կ՛արծարծեն քանատահայ երիտասարդը յուզող հարցեր: Պաշտօնաթերթին յառաջիկայ թիւը լոյս պիտի տեսնէ հոկտեմբերին:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին պատգամաւորները յառաջացուցին 2015-ի ոգեկոչման ծրագիրներու նախապատրաստական աշխատանքի յանձնախումբը եւ հաստատեցին գործունէութեան ռազմավարութիւնը: Անոնք նաեւ արծարծեցին միութեան դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները եւ ներկայ անդամները խրախուսելու ու նոր անդամներ ներգրաւելու միջոցները:

Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ 2012-2013 տարեշրջանի ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը:

Միջ–Համայնքային Աղօթասացութիւն
Սուրիոյ
Համար

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի եւ գործակցութեամբ Թորոնթոյի քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարներուն, 9 օգոստոս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Սուրիոյ խաղաղութեան համար տեղի ունեցաւ միջհամայնքային աղօթասացութիւն:

Այս առթիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան, պատրաստած էր ձեռնարկը արտացոլացնող գրքոյկ մը` հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն աղօթքներով, որուն շնորհիւ աղօթքներն ու արարողութիւնները ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ գործադրուեցան, մեծապէս գնահատուելով ժողովուրդին կողմէ:

Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը սկսաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ տիկին Լենա Պէյլէրեանի կողմէ երգուած «Գթա՛ տէր, ի հոգիս» շարականով:

Հրաւիրեալ բոլոր եկեղեցականները իրենց տեղերը գրաւած էին խորանին շուրջ, յայտագիրի յաջորդականութեամբ խօսք կ՛առնէին եւ իրենց ազգային լեզուներուն առընթեր կը խօսէին եւ կը կարդային օրուան պատշաճ աղօթքները:

Այս առթիւ շարականներու երգեցողութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Սուրիան ուղղափառ եկեղեցւոյ Դպրաց դասերը` երգելով հայերէն եւ արաբերէն շարականներ եւ մեներգներ:

Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան եւ Կոմիտաս Աւագ քհնյ. Փանոսեան ապրումով արտասանեցին քարոզ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ աղօթք` «Յիշէ Տէ՛ր, ողորմէ եւ գթա՛ այն հանգուցեալի հոգիներուն», ապա, ժողովուրդը եւ եկեղեցականները երգեցին «Շարական` քահանայք եւ ժողովուրդ» ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Կարգ մը եկեղեցականներ, սարկաւագներու եւ սուրբերու պաստառներու ընկերակցութեամբ թափօր մը կազմելով խաղաղութեան եւ Քրիստոսի լոյսը տարածեցին եկեղեցւոյ մէջ, յունական երգչախումբի կողմէ երգուած շարականներու մթնոլորտով:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ժողովուրդին կողմէ արտասանուած «Տէրունական աղօթք»-ով:

 

Պրազիլ

Մեծ Եղեռնին Նուիրուած Ներկայացում

Նախաձեռնութեամբ Լատինական Ամերիկայի ՀԱԽ-ի (Հայկական ազգային խորհուրդ) Պրազիլի մասնաճիւղի, աջակցութեամբ Պեթօ Սիլվէյիրայի թատերական սթիւտէօ-ի եւ Հայ Ազգային Դուրեան վարժարանի,  23 հոկտեմբերին Սան Փաւլօ քաղաքին մէջ պրազիլական թատրոնի պատմութեան մեջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բեմադրուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ներկայացում մը:

Ներկայացման նպատակն է պրազիլցի հանդիսատեսին իրազեկ դարձնել 1915-ին օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու հանդէպ իրագործուած ոճիրի իրողութիւնը:

 

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES