Պոլսահայուն Պարծանքը Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ     

Պոլսոյ հայոց Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը մեր մարդասիրական հաստատութիւններէն ամէնէն կարեւորներէն մէկն է, շատ սերտ կապեր ունի իրմէ առաջ հիմնուած Պոլսոյ Նառլըգաբուի ազգային հիւանդանոցին հետ, որովհետեւ, Պոլսոյ Գազլըչէշմէ թաղի ազգային հիւանդանոցը ծնունդ առած է, Նառլըգաբուի հայոց հիւանդանոցը վերանորոգելու կամ զայն տեղափոխելու գաղափարէն: Այս պատմական գաղափարն է, որ անմահ բարերար Գազազ Արթին Ամիրան 1832-ին մղեց Գազլըչէշմէի  բանջարանոց-պոսթանին վրայ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը հիմնելու որոշումին:

1832-ին օրուան պատրիարք Ստեփանոս Աղաւնի արքեպիսկոպոսի նախաձեռնութեամբ եւ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի գլխաւորութեամբ կը գումարուի «Ամիրաներու Ժողով» մը :Այս ժողովի ընթացքին է, որ կ՛որոշուի անյապաղ կառուցել Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, եւ անմիջապէս կը սկսի շինարարական աշխատանքը: Օրինական աշխատանքները  լրացնելէ ետք, Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքին ստորագրութեամբ, Սուլէյման Մահմուտ Բ.ի կը յղուի խնդրագիր մը, որուն մէջ դիտել կը տրուի, որ համայնքը կարիք ունի վերոյիշեալ վայրին մէջ հիւանդանոցի կառուցման: Սուլթան Մահմուտ Բ.ի 1833 թուակիր արտօնագրով եւ ամիրա Պալեան (1800-1866) եւ անոր քեռայրը` Յովաննէս ամիրա Սէրվէրեանի (1768-1858) ճարտարապետութեամբ կը սկսի, Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին եւ անոր համալիրին մէջ Սուրբ Փրկիչ մատրան  փայտաշէն կառուցումը:

Հաստատութեան գլխաւոր բարերարը, հիմնադիրն ու պաշտպանը` Յարութիւն ամիրա Պէզճեան, ամիսներէ ի վեր շատ ծանր հիւանդ էր, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուէր, որպէսզի հիւանդանոցին շինութիւնը ժամ առաջ իր աւարտին հասնէր, եւ մեծանուն բարերար ամիրան կարենայ ներկայ գտնուիլ հաստատութեան բացման հանդէսին: Սակայն դժբախտաբար Պէզճեան ամիրա կը մահանայ 3 յունուար 1834 թուականին, առանց վայլելու պաշտօնական  բացման ներկայ գտնելու հաճոյքը:

Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը միաժանակ թէ՛ հիւանդանոց է, թէ՛ ծերանոց եւ թէ ջլախտաւորներու բուժարան:

Հիւանդանոցը ատենօք եղած է նաեւ մոմարան, դպրոց,Ազգային տուն: Սուրբ Փրկիչը ո՛չ միայն աղքատներու, հիւանդներու, անկարներու ապաստանարան է,այլ եղած է նաեւ մշակութային եւ գիտական հաստատութիւն մը.

Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը` Ազգային տունը ատենօք ունեցած է մոմարան, ուր կը պատրաստուէր հայ եկեղեցիներու համար պէտք եղած մոմը, ունեցած է նաեւ այլազան բաժիններով կօշկակարութեան, կահագործութեան, աթոռագործութեան, դերձակութեան արհեստանոցներ նաեւ վարդապետարան, ճեմարան եւ տպարան մը:

Պոլսոյ հայոց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը վիրաբուժական եւ  ներքին հիւանդութիւններու գլխաւոր բաժիններուն կողքին ունի շատ գործօն կնոջական, ուղղամարզութեան (օrtopedie), միզաբանութեան, ակնաբուժական, մորթային հիւանդութիւներու, մանկական, ջղային, հոգեկան, կուրծքի հիւանդութիւններու,  ականջ-քիթ-կոկորդի հիւանդութեանց, ատամնաբուժական, սրտաբանական, կենսաբանական, շողանկարի բաժիներու դարմանատուներ, թոմոկրաֆի, մամոկրաֆի, ուլթրասոնոկրաֆի, գունաւոր տոփլեր, MR, ոսկրաչափութիւն, ներքնադիտարկում (Endoskopie), փոլիսոմնոկրաֆի (քունի Խանգարումներ), շնչառութեան, Էլեքթրօէնսէֆալոկրաֆի (EEG), էլէքթրօմիոկրաֆի (EMG), հոգեբուժական տարրալուծարաններ, ինչպէս ունի նաեւ իր դեղարանը եւ Ս.Փրկիչ մատուռը:

Ահա այս հսկայ հաստատութիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս 20 հազար քառակուսի մեթր գետնի վրայ, որուն 13 հազար քառակուսի մեթրը կը գրաւեն 18 մեծ շէնքեր, որոնք կը կառավարուին պոլսահայ համայնքին կողմէ ընտրուած ազգասէր ու ազնիւ անդամներէ բաղկացեալ մասնաւոր հոգեբարձութեան մը կողմէ: Հիւանդանոցին հոգեբարձութիւնը ունի, յանձնախումբեր, ենթայանձնախումբեր եւ օժանակ մարմիններ, որոնք ներդաշնակօրէն կ՛աշխատին  հոգաբարձութեան հետ զանազան մարզերու մէջ, որոնց պարտականութիւնն է հոգեբարձութեան աշխատանքներու աջակցիլ, հաստատութեան  սեփականութիւններու  կառավարման ու հաստատութեան մատակարութեան օգնական ըլլալ, տարեկան որոշ ձեռնարկներով նիւթականի պակասը ապահովել: Ազգային տան առօրեայ կեանքի  ներդաշնակութիւնը եւ ծառայութիւններու կարգադրութեան պատասխանատութիւնը դրուած է ներքին տնօրէնին ուսերուն վրայ, ան իր պարտականութիւնը կը կատարէ` իրեն իբրեւ օգնական ունենալով ընդհանուր քարտուղարը եւ հաշուակալը.

Հաստատութեան հոգաբարձութիւնը 1949-էն ի վեր կանոնոաւոր կերպով կը հրատարակէ հիւանդանոցի «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթը, որուն ներկայ վարիչն է Արսէն Եարման, իսկ հրատարակութեան պատասխանատու տնօրէնը Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի  փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեան է:

Ազգային հիւանդանոցը ժողովուրդի կողմէ կ՛անուանուի նաեւ «Գթութեան յարկ» եւ կամ «Ազգային տուն», այս երկու անունները,  բառեր են, որոնք  միանգամայն պոլսահայ համայնքի բարեսիրական ու ազգասիրական զգացումները կ՛արտայայտեն:

Հիւանդանոցը հիմնադրութենէն մինչեւ, 1944 թուական, հայ բժիշկ չէ ունեցած, որպէս  բժշկապետներ պաշտօն վարած են իտալացի եւ յոյն  բժիշկներ: Հիւանդանոցի առաջին հայ բժիշկն է տոքթ. Յակոբ Պէյ Յովաննէսեան, որ 1948-էն սկսեալ երկու տարի պաշտօնավարած է հիւանդանոցի բժիշկապետի պաշտօնը. իսկ ներկայ բժշկապետն է կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ  տոքթ. Արտաշ Ագտաղ: Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը ունի Բժշկական խորհուրդ, որ շատ մօտէն կը հետեւի բժշկական աշխատանքներուն եւ գիտական մարզի մէջ հիւանդանոցի կարիքներուն: Բժշկական խորհուրդը պէտք եղած գիտական սարքաւորումները կը թելադրէ հոգաբարձութեան, ատեն-ատեն  հիւանդանոցին մէջ կը կազմակերպէ գիտական ասուլիսներ, բանախօսութիւններ, որոնք մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն Պոլսոյ հիւանդանոցներու բժիշկներուն  եւ բժիշկական հասարակութեան մօտ:

Մեր Ազգային տունը, մեր Ազգային հիւանդանոցը բժշկական ընդհանուր սկզբունքներու ձեւափոխումի, կատարելագործումի եւ զարգացումի զուգահեռ, եղած է նաեւ նորութիւններու յեղաշրջումներու, մէջ: Ախտաճանաչումի գետնի վրայ վերջին տարիներուն արեւմտեան երկիրներու մէջ արձանագրուած բժշկական նորութիւններուն, արդիական գիտական ու արհեստագիտութիւն  յառաջադիմութիւններուն ու զարգացումներուն հետ, մեր ազգային հիւանդանոցն ալ իր կարգին կրցած է քայլ պահել:

Ինչպէս բժշկական մեծ համբաւի տէր երկիրներու արդիական հիւանդանոցներուն մէջ, նոյնպէս ալ մեր Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ եռանդուն եւ գիտուն  հայ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ կը կիրարկուին ախտաճանաչման ու դարմանումի  արդիական միջոցներ, բժշկական օգնական արդիական գործիքներով, մեծ համբաւի տէր մասնագէտ հայ վիրաբուժներու կողմէ  բծախնդրութեամբ կ՛իրագործուին ներդիտարկային վիրահատութիւններ (Endoskopik Operation):

Եթէ այցելենք մեր «Գթութեան յարկ»-ը հիւանդի մը, պապիկի մը, մամիկի մը այցելելու համար, նախ մեր աչքերուն առջեւ կը բացուի, բուրումնաւէտ ծաղիկներով, ջրաւազաններով եւ շատրուաններով  զարդարուած, հոյակապ  տեսարանով պարտէզը, որուն մէջ պտոյտ մը կը մոռցնէ մեզի բոլոր այն ցաւերն ու տառապանքները, որոնք հիւանդանոցի շէնքի պատերուն ետեւը պահուըտած են:

Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը ունի , հոգաբարձութեան այսօրուան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի անուան թանգարան մը, 5.12.2004 թուականին թանգարանի բացումը կատարեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան, Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան արքեպիսկոպոսի մասնակցութեամբ: Հաստատութիւնը ունի նաեւ իր յուշատետրը կամ այլ խօսքով «Ազգային հիւանդանոցի պատուոյ Տոմար»ը, որ կը ցոլացնէ հանրածանօթ անձերու, քաղաքական դէմքերու, «Գթութեան յարկ»-ին տուած այցելութիւններու տպաւորութիւնները, 8.10.1950 թուականէն ի վեր, տետրակին  առաջին էջէն սկսեալ իրերայաջորդ էջերուն մէջ, «Ազգային տուն» այցելող անձեր արձանագրած են իրենց խանդավառ տպաւորութիւնները, հիացումի խօսքերը, գովասանքներն, ու զգացումները, Ֆրանսահայ նշանաւոր կռփամարտիկ  Ժագ Հայրապետեանէ վերջ, 1951-ին Պոլսոյ կուսակալ Լիւթֆիւ Գըրտար, 1960-ին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զօրավար եւ Պոլսոյ կուսակալ Ռէֆիք Թուլկա, աւելի վերջ շրջաններուն փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ նախարարներ, նաեւ ազգային այլ գործիչներ, մշակոյթի դէմքեր, մտաւորականներ այցելեր են Ս.Փրկիչ հիւանդանոց.

12 Յուլիս 1961 թուականը Գթութեան տան համար անմոռանալի եւ պատմական, փառաւոր թուական մըն է, ու տօնական օր: Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետ Վազգէն Ա. այժմ հոգելոյս, այցելած է հիւանդանոց եւ իր օրհնութիւնը տուած է Ազգային տան, ստորագրած է պատուոյ տոմարին մէջ հետեւեալը հրատարակուած է 1962 թուակիր Սուրբ Փրկիչ ամսագրի մէջ: «Եթէ չեմ սխալիր ան միակ հաստատութիւնն է արտասահմանի մէջ ունինք տեսակ-տեսակ հաստատութիւններ, բայց նման հաստատութիւն չկայ, ո՛չ մէկ տեղ, անմիջական իմաստով, իրօք հիւանդանոց մը: Ամէն բանէ առաջ կը դիտեմ այս հաստատութեան վրայ քրիստոնէական գութի զգացումը, եթէ ուղիղ ձեւով ըմբռնենք կրօն ու գիտութիւնը, կը խորհիմ, թէ անոնք իրարու հետ ո՛չ միայն կը հաշտուին, այլ զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ յօգուտ մարդկութեան»:

Հիւանդանոց այցելած է նաեւ 8 մայիս1964-ին աշխարհահռչակ հայ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան, աւելի վերջի թուականներուն Անուշ օփերայի անմոռանալի եւ անզուգական երգչուհի Գոհար Գասպարեան:

Հիւանդանոցի շնորհներէն կ՛օգտուին բոլոր հիւանդները եւ հայ համայնքի օգնութեան կարօտ հիւանդներն ու կարօտեալները:

Ազգային հիւանդանոցը իր հիմնադրութիւնն ու գոյատեւումը, գլխաւորաբար կը պարտի ազնուասիրտ, ազգասէր բարերարներու եւ հաստատութիւններու սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, ինչպիսին հարկ է նշել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնն է:

Այսօր, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը հասած է ո՛չ թէ միայն Թուրքիոյ ընդհանուր հիւանդանոցներու չափանիշներուն, այլ  համբաւի տէր եւրոպական հիւանդանոցներու  չափանիշներուն  հաւասար մակարդակին, մասնաւորաբար բժշկագիտական, արդիական գործիքներու եւ սպասարկութեան տեսակէտէ:

Հիւանդանոցին պատմութիւնը միշտ կը ցոլացնէ պոլսահայութեան մշակութային յառաջադիմութեան ու բարոյական զարգացումի պատկերը: Այս առիթով կ՛ուզեմ  յարգանքով  յիշել գրագէտ, փիլիսոփայ, տաղանդաւոր ուսուցիչ եւ հռչակաւոր բժիշկ տոքթ. Վարդ Շիկահերը, որ 14 Մայիս 1982-ին «Փնջիկ Մը հիւանդանոցի պարտէզէն» վերնագրով մեզի կը ներկայացնէր հիւանդանոցի նախկին բժիշկներու հետ  ունեցած իր յիշատակները: Անոնցմէ  մասնաւորաբար հիտաքրքրական էր Տօքթ.Մանուէլեանի հետ վիրաբուժարանի մէջ ապրած դէպքը.

Տոքթ. Վարդ Շիկահեր հետեւեալը կը գրէ: «տոքթ. Մանուէլեան վիրահատութիւններու ընթացքին կ՛ունենար կարճ, այլ բովանդակալից անդրադարձումներ, գրական, փիլիսոփայական, հոգեբանական, գեղարուեստական տուելաներու եւ բնագաւառներու: Երբեմնի իր դասերու հրապոյրն ու քաղցրութիւնը կերպով մը կը տարածուէին կերպով մը սրահին մէջ: Գործողութեան մը ընթացքին էր: Ոսկրածաբորբ (Osteomyelit) պարագայ մը կար մեր դիմաց: Սրունքի մեծ ոսկորի ոլոքի բութ մասերը հարկ էր մաքրել, վիրաբուժապետը խօսքն ուղղեց օգնական բժիշկին եւ ըսաւ. «Կուժը» տուր: Այն ինչ էր որ, կ՛ուզէր, կէս փողաձեւ (խողովակաձեւ) վիրաբուժական գործիք մը է եւ կը ծառայէ փտած մասերը կամ այտումները զատելու միւս մասերէն: «Կուժ» բժշկական իմաստով Քիւրէթ (curette), բառերու նմանաձայնութեամբ  տոքթ. Մանուէլեան յիշեց այնուհետեւ Կոմիտասի ձայնագրած գեղջուկ երգի առաջին տողերը: Արտասանեց եւ երգեց միաձայն. «Կուժն առայ, ելայ սառը», (կուժ, կը նշանակէ կաւէ շինուած ջուրի աման, թրքերէն` թեսթի) ապա ինծի դառնալով ըսաւ. «Չգտայ ֆիտան եարը», շարունակեց, նախ արտասանել, յետոյ երգեց յաջորդող տողերն ու տունը: Երբ նկատեց, թէ համարձակութիւն կը պակսի իմ մօտ, յարեց. «Ինչո՞ւ չես երգեր, դուն գիտես ասոնք, դպիր ալ ես»: Հարկ է մտաբերել միշտ, թէ զուարթ տրամադրութիւնը աղբիւր եւ գրգիռ է արդիւնաւոր աշխատանքի:

Ուրեմն երգենք միասին:

 

«Կուժն առայ ելայ սարը,
Չգտայ ֆիտան եարը,
Ֆիտան եարը ինձ տուէք,
Չքաշեմ ահ ու զարը.

Մեծ սարի հովին մեռնեմ,
Շէկ տղի պոյին մեռնեմ,
Մի տարի ա չեմ տեսնել
Տեսնողին աչքին մեռնեմ»:

Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի իրենց ծառայութիւնը բերած են  մեծահամբաւ գրագէտ, փիլիսոփայ, աւանդապաշտ, գրասէր, հեղինակաւոր  բազմաթիւ հայ բժիշկներ:

Հիանալի է, մեր  աւանդապաշտ պոլսահայ ժողովուրդը, որ իր ազգային հաստատութիւներու հիմնադրութեան թուականէն ասդին, դարեր ամբողջ, մինչեւ այսօր կը բերէ իր սրտաբուխ նիւթական ու բարոյական  նուիրատութիւնները, որոնք կը վկայեն մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ ազգապահպանման կամքը:

Շատ դժուար է, աշխարհի որեւէ տեղ տեսնել հաւաքականութիւն մը, որ իր ապրած երկրին մէջ փոքրամասնութիւն մը կազմելով եւ երկրի կրօնի պատկանելով հանդերձ, առանց պիտական օժանդակութիւն  ստանալու, ահաւոր պիւտճէներով  եւ տնտեսական դժուար պայմաններով ապրեցնէ , 35 եկեղեցի, 25 է աւելի հայկական վարժարան, 3  թերթ, 8-է աւելի երգչախումբ, թատերախումբեր, պարախումբեր, սանուց միութիւններ, ուսուցչաց հիմնարկ, եւ երկու հիւանդանոց ու այլ ազգային կոթողային հաստատութիւններ.

Թուրքիոյ Հայոց Սուրբ Փրկիչ ազգային  հիւանդանոցին համբաւը ելլելով Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հասած է մինչեւ արտասահմանեան հեռաւոր երկիրներ, հպարտութեամբ ուռեցնելով մեր բոլորին կուրծքը.

Սուրբ Փրկիչ,մեր ազգային հիւանդանոց , մեր Ազգային տուն, քու ծխանդ միշտ թող ծխայ.

Գերմանիա

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )