Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը սուրբ է, այնքան ատեն որ անիկա կ՛օգտագործուի Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց Տըքուանէի Մար Էլիաս եկեղեցին գողցող աւազակ Ժըրիոս Պաթհանին, որուն մօտ կը գտնուէին եկեղեցիէն գողցուած իրերը: Յանցագործին հետ հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Շուֆ կատարած այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ այդ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը:
ՍԱՅՏԱՅԻ մուտքին գտնուող Ռմայլէ շրջանին մէջ գտնուեցաւ ձեռնառումբ մը, որ վնասազերծուեցաւ բանակի սակրաւորներուն կողմէ:
ԵՐԿՈՒ անծանօթներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն քոքթէյլ մոլոթով տիպի երկու ռումբ նետեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուղղութեամբ` առանց նիւթական վնասներ պատճառելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի թիթեղը արձանագրեց 400 լ. ոսկիի յաւելում, 98 օքթանը` 500 լ. ոսկիի յաւելում, մազութինը` 500 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ պիւթակազին շիշը` 600 լ. ոսկիի յաւելում:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը կը դիմագրաւէ յառաջիկայ հանգրուանին ընթացքին իր աշխատանքները ֆինանսաւորելու դժուարութիւնը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի ընդգծեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը փորձած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները մասնավճարներով կատարել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր երկրին մէջ տնտեսական տագնապ ստեղծել եւ այդ պատճառով ալ պիտի լուծեն այդ հարցերը:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պէտք է լուռ մնայ ազգային հարցերուն մասին` զգուշացնելով լիբանանեան քաղաքական կողմերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Իսրայէլի զինուորական ռազմափորձերը Լիբանանը կը մղեն պահպանելու Դիմադրութեան զէնքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նէյլա Թուէյնի յայտնեց, որ ինք կը պժգայ Լիբանանի մէջ տիրող կացութենէն եւ վերադարձած է լրագրողի իր արմատներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառները բաւարար են Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարելու եւ Սուրիոյ հետ կնքուած ապահովական բոլոր համաձայնագիրները ջնջելու:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները կ՛ուղղուին դէպի կառավարութիւն` վաւերացնելու համար աշխատավարձի յաւելումները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ հարց տուաւ, որ ինչու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախաձեռնութիւնը չ՛առներ Գալիլիան վերադարձնելու` Իսրայէլի յարձակումին սպասելու փոխարէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կրնան ուղղակի ՄԱԿ-ին դիմել` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն դէմ դնելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ զէնքին գոյութեան զուգահեռ, իրենք կը մերժեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց գործադրելու Սուրիոյ նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու եւ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը վաւերացնելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ռազմավարական անորոշութիւն կ՛ապրի` Սուրիոյ մէջ բռնկած յեղափոխութենէն ետք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Պքերքէի ընտրական յանձնախումբը իր աշխատանքներուն պիտի վերսկսի 11 սեպտեմբերին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Հեռնանտօ Սպանիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան եւ քաղաքացիական կայունութեան պահպանումին:

