Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Լիբանան

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յառաջիկայ 13 սեպտեմբերին երկօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ:

Իր հանդիպումներուն ընթացքին Լը Տրիան պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին գումակային օժանդակութիւն տրամադրելու եւ բանակին զինուորական կարողութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

Լը Տրիան հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի ստուգէ հարաւի մէջ գտնուող ֆրանսական ջոկատին դիրքերը:

Կը նախատեսուի, որ Լը Տրիան Պէյրութէն մեկնի, նախքան Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES