Բանակը Կը Հրապարակէ Նոր Հաղորդագրութիւններ
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց երկու հաղորդագրութիւն, որոնցմէ առաջինով ան քաղաքացիներէն պահանջեց որեւէ արտառոց երեւոյթի մը կամ դէպքի մը մասին բանակը տեղեակ պահել:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հասնելու ապահովական կայունութեան ամրապնդումին:
Այլ հաղորդագրութեամբ մը, բանակի հրամանատարութիւնը լիբանանցիներուն տեղեակ պահեց, թէ նկատի ունենալով յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը, բանակը ապահովական արտակարգ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է գործադրել պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տրուած այն հրահանգը, որուն հիման վրայ զէնքի գործածութեան արտօնագիրները պիտի սառեցուին, բացի նախարարներուն, երեսփոխաններուն, կուսակցութիւններու ղեկավարներուն, հոգեւոր պետերուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն թիկնապահներուն արտօնագիրներէն:

