Ժոմպլաթ. «Հարիրի Ընտանիքին Հետ Քաղաքական Յարաբերութիւնները Բոլոր Տարակարծութիւններէն Վեր Են»

Ժոմպլաթ եւ Հարիրի

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական, եղբայրական եւ մտերմիկ:

Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ հաստատած է, որ Հարիրի ընտանիքին հետ իր քաղաքական եւ պայքարի յարաբերութիւնները ամէն տարակարծութենէ վեր կը մնան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական եւ շրջանային զարգացումները:

Սուրիոյ «յեղափոխութեան» առումով Ժոմպլաթ եւ Հարիրի համաձայն գտնուած են եւ ընդգծած սուրիացի ժողովուրդին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք հաստատած են, որ իրենք կը գնահատեն սուրիացի ժողովուրդին ձգտումը` ազատութեան, արժանապատուութեան եւ ժողովրդավարութեան:

Միւս կողմէ, սակայն, Ժոմպլաթ յայտնած է, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքին շարունակութեան, որովհետեւ այս հանգրուանին կարելի չէ Լիբանանը անիշխանութեան մատնել: Իր կարգին, Հարիրի շեշտած է, որ ինք կ՛առաջարկէ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը նկատելով յեղաշրջումի կառավարութիւն:

Ընտրական օրէնքին քննարկումին ծիրին մէջ Ժոմպլաթ եւ Հարիրի մերժած են կառավարութեան վաւերացուցած օրինագիծը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )