Ապպաս Իպրահիմ – Զօր. Սերրա Հանդիպում
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հարաւի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան