ՀՅԴ-ի Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյցը Յետաձգուեցաւ Այսօրուան
Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն անդամները եւ մեծաթիւ հայորդիներ, Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման առիթով, հաւաքուած էին Հայաստանի նախագահական նստավայրին առջեւ` բողոքի ցոյցով դիմաւորելու համար Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն տուող ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը:
Թեքնիք պատճառներով Ռասմուսենի այցելութիւնը ուշացաւ, եւ ան Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումները պիտի ունենայ այսօր: Հետեւաբար նաեւ` բողոքի ցոյցով անոր դիմաւորումն ալ յետաձգուեցաւ այսօրուան:
CATEGORIES Հայկական

