«Հայաստանի Դիւանագիտութիւնը Աշխուժ Չէ» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան
Խօսելով Գուրգէն Մարգարեանը հրէշաւոր ձեւով սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու, այնտեղ անոր ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու նիւթին վերաբերեալ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ա1+»-ի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր հիւպատոսութիւններով եւ դեսպանատուներով, համապատասխան աշխուժութիւն չի ցուցաբերեր, մասնաւորաբար` եթէ ատիկա կը համեմատուի Ազրպէյճանի համապատասխան կառոյցներուն հետ: Ան չուզեց մեղադրել դեսպանները եւ հիւպատոսները: Ըստ անոր, հաւանաբար այդտեղ ալ համապատասխան մեղքի բաժին գոյութիւն ունի, բայց գործը ընդհանրապէս չի կազմակերպուիր, առաջադրանքներ չեն տրուիր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ Հայաստան բաւարար ներկայութիւն չունի այլ երկիրներու մէջ` քաղաքական, դիւանագիտական առումներով, ինչպէս Ազրպէյճան:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, Հայաստան աշխատանք ունի կատարելիք նաեւ իրաւական մարզին մէջ, կայ անհրաժեշտութիւն դիմելու Եւրոպական դատարան, քանի որ թէեւ բանտարկեալը տեղափոխելը ապօրինութիւն չէ, բայց ոճրագործը չի կրնար պատիժ չկրել:
Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն կը պատրաստուի յառաջիկային տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ երկու ամիսէն տեղի պիտի ունենայ Գերագոյն ժողով, որուն ընթացքին պիտի որոշուի մասնակցութեան ձեւը եւ թեկնածուն:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ ամէնէն քաղաքականացուած ընտրութիւններն են եւ հիմնականին մէջ անոնց ժամանակ կ՛արտայայտուի ժողովուրդին իսկական տրամադրութիւնը:
Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ամէն ձեւով կ՛ուզէ օգնել սուրիահայերուն, բայց դժբախտաբար քիչ բան կրնայ ընել:
Ան նշեց, որ այնտեղ միասնական փոխադարձ օգնութեան մարմին ձեւաւորուած է, որպէսզի համայնքը անտէր չմնայ, կարիքաւոր մարդիկ յենարան ունենան, ինչպէս նաեւ փորձուած է միջկուսակցական, միջեկեղեցական միասնական կառոյց ձեւաւորել առաջնորդարանին կից: Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը կը փորձէ հայկական հաստատութիւնները պահել, համայնքի ներկայացուցիչներուն աջակցիլ, թէեւ տեղեկութիւնները շատ սահմանափակ են: «Կը ծրագրենք ուղղակի օգնութիւն հասցնել սուրիահայերուն եւ ժողովուրդին: Սուրիահայը կը ձգէ Սուրիան եւ կու գայ ուրիշ երկիր, եւ մենք պարտաւորութիւն ունինք անոր օգնելու: Բայց աւելի շատ պարտաւորութիւն ունինք այն սուրիահայերուն նկատմամբ, որոնք այնտեղ կ՛ապրին, դուրս չեն գար եւ կարելիութիւն չունին ալ դուրս գալու: Մենք անոնց մասին պէտք է մտածենք», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը նախաձեռնած է ու շուտով օգնութիւն պիտի հասցնէ Սուրիոյ հայութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին:

