ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՅՍՕՐ` ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ – ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Չորս օր առաջ իրարու դէմ ճակատած Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ այսօր` չորեքշաբթի, 20 ապրիլին դարձեալ իրարու դէմ յանդիման կու գան, սակայն այս անգամ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, որ պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ անոնք այս տարեշրջանին երկու անգամ եւս պիտի ճակատին իրարու դէմ` «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականին գծով (երթուդարձ):

Share this Article
CATEGORIES