ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՄԲԱՊԵՏԸ ՏԽՈՒՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
www.azerisport.com կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Ռաշատ Սատիխով տխուր է` ի տես Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին արձանագրած յաջողութիւններուն:
«Մեզի համար տխուր է այն իրականութիւնը, որ մեր դրացիները` Հայաստան եւ Վրաստան, մեզ կը գերազանցեն, խօսքս աւելի կ՛երթայ Հայաստանի, քան` Վրաստանի: Բայց կ՛արժէ ակնարկ մը նետել այն խմբակներուն, որոնց մաս կը կազմեն անոնք, եւ մեր խմբակին, որ աւելի զօրաւոր խումբեր կ՛ընդգրկէ իր մէջ: Հայերը իրենց դաշտին վրայ կատարած են երեք մրցում, մինչ մենք` մէկ: Ես մեր համակիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ ըլլան համբերատար եւ սպասեն զտումի մրցումներուն (Եւրօ-2012) աւարտին: Անոնց կու գամ յիշեցնելու նաեւ այն իրականութիւնը, որ հայերուն դէմ կատարած մեր բոլոր մրցումներուն ալ միշտ յաղթանակներ արձանագրած ենք», կ՛ըսէ Ազրպէյճանի «պարկեշտ» խմբապետը:
Նշենք, որ իրենց անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ֆութպոլի ազգային խումբերը երբեք իրարու դէմ յանդիման չեն եկած:
Հետեւաբար, այս իրականութիւնը նկատի ունենալով, կարելի է Սատիխովի կատարած յայտարարութեան վերջին բաժինը որակել սուտ: