ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐՄԱՆ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ` ԲԱՆԱՆՑ – ՄԻՔԱ ՄՐՑՈՒՄԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐ
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, 20 ապրիլին տեղի ունենալիք Բանանց – Միքա Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Արման Ամիրխանեան: Կողմի իրաւարարներն են Արթուր Մուրատեան եւ Վանիկ Սիմոնեան, իսկ չորրորդ իրաւարարն է Գէորգ Եղոյեան: Ֆետերասիոնին կողմէ մրցումին հսկող-պատասխանատու նշանակուած է Գէորգ Յովհաննիսեան:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Հրազդան մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական