Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Եւ Աղջիկները Յաղթեցին. Լիբանանի Տղաքը` Յաղթական

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային ճատրակի 40-րդ ողիմպիականի մրցումներուն 8-րդ հանգրուանին, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 3 – 1 արդիւնքով յաղթեց Ուզպեքիստանի: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան` հաւասարութիւն:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հայաստանի աղջկանց խումբը` 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռումանիան: Էլինա Դանիէլեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթեցին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Կալոյեան հաւասարութիւն արձանագրեցին:

Լիբանանի տղաքը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեցին` 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մոզամպիքը: Ֆատի Իտ, Ամրօ Ժաուիշ, Անթուան Քասիս եւ Նատիմ Սաքըր յաղթանակներ արձանագրեցին:

Աղջկանց կազմը սակայն 3,5 – 0,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Քանատայէն: Սարա Շամիէ Լիբանանի ապահովեց կէս կէտ, մինչ Մայա Ժալլուլ, Եումնա Մախլուֆ եւ Տանիել Պետրոսեան պարտուեցան:

Ինչ կը վերաբերի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու առաջին ողիմպիականին, անիկա աւարտեցաւ երէկ, երբ տեղի ունեցան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:

Տիտղոսին տիրացաւ Ռուսիա (18 կէտով)` առանց պարտութիւն կրելու: Անիկա իր կատարած վերջին մրցումին 3,5 – 0,5 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի: Վլատիմիր Գանճարեան միակն ըլլալով հաւասարութիւն արձանագրեց, մինչ մնացեալ երեքը` Տիգրան Յարութիւնեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Նորայր Թորոսեան` պարտուեցան:

Հայաստան 11 կէտով հանդիսացաւ 12-րդ` արձանագրելով 4 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 3 պարտութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի խումբին, անիկա 40 խումբերուն մէջ 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 35-րդ: Լիբանանի տղաքը արձանագրեցին 3 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ կրեցին 6 պարտութիւն:

Լիբանան իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց երէկ, երբ 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շուէտը: Նարեկ Նաճարեան, Իպրահիմ Շահրուր, Մոհամետ Համատ եւ Ռալֆ Խէյրալլա յաղթանակներ արձանագրեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )