9 – 15 Սեպտեմբերին. Թենիսի Տեղական Մրցաշարք Ա. Թէ. Սէ. Էլ.Ի Մէջ
Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ. 9 – 15 սեպտեմբերին կը կազմակերպէ թենիսի իր տեղական տարեկան մրցաշարքը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ:
Տեղի պիտի ունենան 10, 12, 14 եւ 18 տարեկանէն վար երկսեռ դասակարգի մրցումներ` մեծ տղոց եւ աղջկանց, 40 – 54, 55 եւ վեր, ինչպէս նաեւ զոյգ տղոց եւ խառն զոյգի մրցումներ:
Արձանագրութեանց վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 7 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ը, որուն պիտի յաջորդէ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ թիւերէն մէկուն` 09-640220 (պահանջել 434 թիւը) եւ 03-824901 (իրաւարար Թանիոս Քանաան):
Նշենք, որ մրցանակակիրները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:
CATEGORIES Մարզական

