«Հաւատարմութիւն, Հեզութիւն Եւ Աշխատասիրութիւն» (Հեղինակ` Արտաւազդ Արք. Թրթռեան)

Ի հայրապետութեան ՆՍՕՏՏ Արամայ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի թիւ 1 մատենաշարը Անթիլիասի տպարանին մէջ լոյս ընծայեց միաբանութեան երիցագոյն անդամ Արտաւազդ արք. Թրթռեանի «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» խորագրեալ հատորը` խմբագրութեամբ Պետրոս աբղ. Մանուէլեանի եւ մեկենասութեամբ Քանատայի Մոնրէալ քաղաքէն տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Ծովակ Կէպէնլեաններու:

Այս առիթով Դպրեվանքի ներկայ տեսուչը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան ջերմապէս կը գնահատէ Արտաւազդ արք. Թրթռեանը, որ երկար տարիներ ծառայած է դպրեվանքի մէջ` իբրեւ հոգեւորական եւ կրթական մշակ:

Իր կարգին, Պետրոս աբղ. Մանուէլեան կ՛ըսէ, թէ Արտաւազդ սրբազան սարկաւագութեան օրերէն ի վեր շահագրգռութիւն եկեղեցւոյ պատմութեան, հայ մատենագիտութեան, հայ եկեղեցագիտութեան, գրաբարի, յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու, իմաստասիրութեան եւ այլ գիտութիւններու հանդէպ:

Թէ` Արտաւազդ սրբազան հրատարակած է հետեւեալ երկու երկերը. «Ծաղկաքաղ հին հայ մատենագրութեան», որ եղած է իր վարդապետական աւարտաճառը եւ «Ի խնդիր ոգեղէնի», ուր համախմբուած են իր քարոզները: Խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է զանազան գործեր:

Պետրոս աբղ. կ՛ըսէ, թէ Արտաւազդ սրբազան եղած է աշխատասէր եւ հնազանդ հոգեւորական մը: Թէ` այս բարեմասնութեամբ, աշխատասիրութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ հեզութիւնը կը կազմեն գլխաւոր յատկանիշները իր նկարագրին:

Ինչ կը վերաբերի իր կեանքին եւ գործունէութեան, Արտաւազդ սրբազան, աւազանի անունով Աբրահամ Թրթռեան, ծնած է 20 սեպտեմբեր 1930-ին, Հիւսիսային Սուրիոյ Քեսապ գիւղին մէջ: Ան հինգերորդ զաւակն է գիւղացի հայ ընտանիքի մը:

Իր նախնական ուսումը կը ստանայ Քեսապի Ուսումնասիրաց նախակրթարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք կ՛անցնի միջնակարգ:

Օր մը վարժարանին տնօրէնը կ՛իմացնէ հինգ աշակերտներու, որոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ Աբրահամ, թէ Երուսաղէմի վանահօր փափաքով պիտի շարունակեն իրենց ուսումը Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց վանքին մէջ: Յիշեալ հինգ աշակերտներու կապակցութեամբ թէեւ կը կատարուին անհրաժեշտ կարգադրութիւններ, բայց դրական ո՛չ մէկ պատասխան կու գայ Երուսաղէմէն, եւ Աբրահամ տարի մը կը զրկուի ուսումէ: Բարեբախտաբար գիւղի ծխատէր քահանային` Տէր Մովսէս Շիրիքեանի միջնորդութեամբ, 1945-ին Աբրահամ կը մտնէ Անթիլիասի մայրավանքը, ուր 1949-ին աւարտելով Ժառանգաւորաց բաժինը` կը ստանայ սարկաւագական աստիճան, ձեռամբ Դերենիկ եպս. Փոլատեանի:

Իսկ երեք տարի ետք, 28 սեպտեմբեր 1952 թուին Աբրահամ կ՛օծուի կուսակրօն քահանայ` ձեռամբ Դերենիկ եպս. Փոլատեանի եւ կը վերակոչուի Արտաւազդ աբեղայ, իրեն օծակից ունենալով Գարեգին աբեղայ Սարգիսեանը:

5 յունիս 1955-ին, իր «Ծաղկաքաղ հին հայ մատենագրութեան» խորագրեալ վարդապետական աւարտաճառը աւարտելէ ետք կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն:

1957-1959 կրթական տարիներուն կը նշանակուի դպրեվանքի տեսուչ: 1959-ին, Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, կը մեկնի Ֆրանսա` աստուածաբանական ճիւղին հետեւելու համար, ուր կը մնայ մինչեւ 1962:

1963-ին կը վերադառնայ դպրեվանք, ուր կը վարէ ուսուցչական պաշտօն: 16 յունիս 1963-ին, կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը Գարեգին վարդապետ Սարգիսեանին հետ: Նոյն տարին ներկայ կը գտնուի Վատիկանի Բ. ժողովին` որպէս ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

1964 թուի յունուարին հայր Գարեգինին հետ կ՛օծուի եպիսկոպոս: 26 փետրուար 1964-ին կը մեկնի հարաւային Ֆրանսա, ուր կը վարէ թեմի առաջնորդական պաշտօնը:

1970-ին Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքով կը վերադառնայ դպրեվանք, ուր 1970-1977 կրթական տարիներուն կը ստանձնէ տեսչութեան պաշտօնը: Նոյն ատեն կը վարէ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը:

1971-ին կը մենի Եթովպիա` միջեկեղեցական առաքելութեամբ:

26 ապրիլ 1973-ին կ՛արժանանայ արքութեան տիտղոսին: 1974-ին կը նշանակուի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ:

2010-ին առողջական պատճառներով հանգստեան կը կոչուի:

Ինչ կը վերաբերի վերոյիշեալ հատորին, ան կը բաղկանայ 456 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները. «Քարոզներ», «Ուսումնասիրութիւններ», «Դպրեվանք» եւ «Յօդուածներ»:

Առաջին բաժինը կը բովանդակէ ինը քարոզներ, որոնց ներշնչման աղբիւրը կը հանդիսանայ Աւետարանը:

Սոյն քարոզներով Արտաւազդ սրբազան կու տայ հարազատ պատկերացումը Քրիստոսի պայծառակերպութեան:

Կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որ ըլլան կատարեալ, ինչպէս որ կատարեալ է մեր Երկնաւոր Հայրը:

Կ՛ըսէ, թէ մենք զերծ կը մնանք չարաղէտ վտանգներէ այն պարագային միայն, երբ չըլլանք թերահաւատ, այլ ամբողջ հոգւով ապաւինինք Քրիստոսի:

Թէ` առանց սիրոյ եւ բարոյական բարձր սկզբունքներու կարելի չէ ապրիլ ընտանեկան մաքուր եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ:

Արտաւազդ սրբազան կը թուէ բարեյատկութիւնները քաջ հովիւին, որ իր կեանքը կը զոհէ իր ոչխարներուն համար: Այս առթիւ ան կը յիշէ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, որ իր կեանքի ընթացքին եղաւ բարի եւ իտէալ հովիւ մը:

Այլ քարոզներով Արտաւազդ սրբազան կ՛արծարծէ հարցեր, որոնք ունին սերտ աղերս` ապաշխարութեան, ներումի եւ անձնազոհութեան հետ:

Գրած է ուսումնասիրութիւններ Ս. մեսրոպ Մաշտոցի, հայ եկեղեցիին, Ս. Գրիգոր Նարեկացիին եւ Վատիկանի Բ. ժողովի երկրորդ (1963) նիստին մասին:

Փորձառու տեսուչի իր հանգամանքով, հանգամանօրէն ան կը ներկայացնէ տեղեկագիրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 1957-1959 եւ 1971-1977 ուսումնական տարեշրջաններուն:

Հատորին վերջին բաժինով Արտաւազդ սրբազան կ՛անդրադառնայ դպրեվանքի հետ առնչուած եկեղեցական, կրթական եւ իմացական կարգ մը ուշագրաւ երեւոյթներու: Այսպէս, ան կը նկարագրէ օծումը Զարեհ Ա. վեհափառին, կը գնահատէ մտաւորական աշխատանքը Խորէն Գաբիկեանի, կը ներկայացնէ ազգանուէր ծառայութիւնը Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ կ՛ընդգծէ մնայուն արժանիքը Շահան Պէրպէրեանի իմաստասիրական երկերուն:

Արդարեւ, «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» խորագրեալ գործով կը կենդանագրուի, ճշմարիտ դիմագիծը Արտաւազդ արք. Թրթռեանի, որ նուիրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականներ պատրաստելու աշխատանքին:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Օգոստոս, 2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES