Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի Արաբերէնով Գրուած Գիրքը. Կայաններ Եւ Դիրքորոշումներ. Քաղաքական Եւ Պատմական Յօդուածներ Քուէյթ-2012
Ներկայացնող` ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Ահա ծնունդով հալէպցի, զաւակը ճիպինցի հօր եւ այնթապցի մօր, որ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ ու բարձրագոյնը` բրիտանական հաստատութիւններէն ու հաստատուած` Քուէյթ, հոն հիմնելով մետաղագործական հաստատութիւն: Հայ մը, որ կապուած ըլլալով իր արմատներուն ու մայրենի լեզուի կողքին ջերմօրէն սիրելով արաբերէնը` կանուխէն փորձած է աշխատակցիլ արաբական մամուլին, որդեգրելով գրել հայկական նիւթերու շուրջ:
Քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք տիրապետելով արաբերէնին, կրնան հայը ներկայացնել արաբական աշխարհի բնակիչներուն: Բայց քիչ է, շատ քիչ թիւը անոնց, որոնք արաբական մամուլի լայն դաշտը կը զարդարեն` գրելով յօդուածներ հայոց մասին առհասարակ, պարզաբանելով կամ հաստատելով այնպիսի իրողութիւններ, որոնք սխալ ձեւով ներկայացնելով հայն ու Հայկական հարցը` տեղի կու տան թիւրիմացութիւններու:
Ահա այդ քիչերէն մէկը Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանն է, որ վերջերս իր հրատարակած 240 էջերու վրայ տարածուող գիրքին մէջ արաբներուն իրենց մայրենի լեզուով կը ներկայացնէ հայն ու Հայաստանը, Ղարաբաղն ու ազերին, մեր ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը` խիզախօրէն:
Կիրակոս Գույումճեանին այս գիրքը կոչուած է «Մահաթթաթ ու մաուաքեֆ» (կայաններ եւ դիրքորոշումներ):
Նախանձախնդիր իր ժողովուրդին հանդէպ եղած անիրաւութիւնները հերքելու իրաւութեան` Գույումճեանը կանուխէն կը սկսի աշխատակցիլ արաբական մամուլին-յիշենք այդ թերթերուն անունները. «Քապաս», «Ուաթան», «Նահար»,
«Անպա», «Շարք Աուսաթ», «Արապի», «Ռայ», «Հայաթ», իսկ օտարալեզու մամուլէն` «Ulgi», «The Daily Star», «Kuwait Times», որոնք կը հրատարակուին Քուէյթի, Լիբանանի ու Լոնտոնի մէջ:
Հայկական մամուլէն Գույումճեանին յօդուածները ներկայացուած են թարգմանաբար, լիբանանահայ մամուլէն «Արարատ», «Զարթօնք», «Ազդակ», «Ծաղիկ» ու Հալէպի «Գանձասար» թերթերուն մէջ:
Գույումճեան, թէեւ` քիչ թիւով, ունի նաեւ մայրենի լեզուով գրած յօդուածներ:
Գույումճեանը հետեւողական նուիրում կը ցուցաբերէ իր յօդուածներուն մէջ` հայն ու հայկականութիւնը արաբներուն ներկայացնելու անչափ կարեւոր հարցին մէջ: Կ՛արձագանգէ հայկական բոլոր հարցերուն եւ իրադարձութիւններուն, տեղին կը պատասխանէ թուրք դեսպանի մը սխալ մեկնաբանութեան` առանց խտացնելու գոյները, խիզախօրէն տալով ճշմարիտը ըմբերանող լեզուով:
Գիրքը կը բացուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Ոսկանեանի «Հայկական հարցը…» կարճ յօդուածով, որուն կը յաջորդէ Իպրահիմ Խալիլի յօդուածը, ապա մի էջանի խօսք` բժ. Թորոս Թորանեանէն, որ այս գիրքը կոչած է «Կամուրջ»:
Գործը ունի նաեւ յառաջաբան:
Չմոռնանք ըսելու, որ այս գիրքը նկարազարդ է կողքէն սկսեալ, ուր կը ճառագայթեն Մեսրոպեան այբ բեն, գիմ-ի բազմաթիւ տառերը, որպէսզի արաբ ընթերցողը գաղափար մը կազմէ մեր 1600 տարիներէ ի վեր կենսունակ մնացած բառերուն մասին:
Գույումճեանի այս գործին վերջաւորութեան հայերէնով եւ ամփոփ ձեւով ներկայացուած են հեղինակին յօդուածներուն բովանդակութիւնները, զորս կատարած է թարգմանիչ Միհրան Մինասեանը, այլապէս ալ մեծ եղած է Մինասեանին դերը այս գործին լոյս տեսնելուն մէջ:
Եւ որպէսզի հայ ընթերցողը ընդհանուր գաղափար մը կազմէ այս գիրքին շուրջ, տանք որոշ յօդուածներու վերնագիրները` աւելցնելով, որ այս գիրքին մէջ տրուած են արաբական ու հայկական մամուլին մէջ երեւցած յօդուածները: Ահա նմուշներ` յօդուածներու վերնագրերէն. «Ազրպէյճան ու Ղարաբաղի պայքարը, Ստալին` խորթ հայրս», գրուած` 2008 թուին, Քուէյթի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Շահին Ապու Լայէֆի այսպէս կոչուած Խոջալուի կոտորածի մասին տուած մամլոյ ասուլիսին առիթով: «Հարցադրումներ հայկական կոտորածի մասին», «Հայերը, թուրքերն ու քանատացիները», «Հայերը, թուրքերն ու եւրոպացիները», «90-ամեակ հայկական կոտորածներու», «Բաց նամակ եւրոպական միութեան», «Տակաւին կը կոտորեն հայերը», «Հայկական դատը տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան միջեւ», «Հայերը, թուրքերն ու ամերիկացիները», յօդուած գերուած Արարատին մասին` «Բռնագրաւուած Արարատ լեռը», «Յօդուածներ հայ մշակոյթի մասին» նաեւ յօդուածներ` արաբական, պաղեստինեան հարցերու շուրջ:
Այսպէս` 47 յօդուած, ուր շրջողը ճշմարտախօսութիւնն է` իրաւական, տնտեսական ու քաղաքական հարցեր համարձակութեամբ ըսուած:
Արաբական աշխարհի մէջ եթէ գտնուէին յիսուն հայ գրողներ եւ Կիրակոս Գույումճեանի նման 47-ական յօդուած գրէին արաբերէնով, մենք կ’ունենայինք 47×50=2350 յօդուած, ողողած ըլլալով ամբողջ արաբական մամուլը: Արդեօք շա՞տ է մեր տուած թիւը, երբ ուրիշներ իրենց Ողջակիզումով ամէն օր կ՛ողողեն աշխարհի մամուլը:
Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանին այս գիրքը ոսկի կամուրջ մըն է հայերուն եւ արաբներուն միջեւ, կամուրջ, զոր պողպատել պէտք է:
Բարի երթ Գույումճեանի շարունակելի, օգտաշատ գործին ու… Շնորհաւորանքներ.. եւ .. Շնորհակալութիւն:
«Գանձասար»

