Թուրքիոյ Մէջ Համշէնաբնակ Գիւղերը Կը Պարպուին

Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան նահանգներու համշէնաբնակ գիւղերուն մէջ սկսած է զգալիօրէն նուազիլ հայ բնակչութեան թիւը:

Մտահոգիչ է, որ մինչ 1990 թուական համշէնաբնակ Չաւուշլու, Չիմենլի, Պալըքէօյ, Սուպաշը, Էշմեքայա, Հենտեք, Փընարլը գիւղերուն մէջ կը բնակէր 3363 հոգի, արտագաղթի պատճառով` այս գիւղերու հայ բնակչութեան թիւը 2010 թուականին 2700-ի իջած է:

Այս փաստը կրկնակի մտահոգիչ կը դառնայ, եթէ հաշուի առնենք այն, որ համշէնահայերու լեզուն ու մշակոյթը հիմնականին մէջ կը պահպանուին գիւղական բնակավայրերու մէջ: Եթէ քաղաքներուն մէջ հայերէն կը խօսին միայն աւագ սերունդի ներկայացուցիչները, ապա գիւղերուն մէջ երիտասարդները տակաւին կը հասկնան Համշէնի հայկական իւրայատուկ բարբառը:

Share this Article
CATEGORIES