Միջազգային Հանրութեան Պարտքն Է Բացատրել Պաքուին, Որ Անոր Յաւակնութիւնները Չեն Բաւարարուիր. Նեզաւիսիմայա Կազիեթա

Սեպտեմբերի 7-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին կը վերադառնայ արցախեան շարժման մասնակից Բակօ Սահակեան: «Առաջին հերթին կ՛ուզեմ ընել այն, ինչը չըրաւ իմ երկրի ղեկավարութիւնը. շնորհաւորել Բակօ Սահակեանը յուլիսին իրականացուած նախագահական ընտրութիւններուն տարած համոզիչ յաղթանակի առնչութեամբ,- կը գրէ փրոֆէսէօր, «Եապլոքօ» կուսակցութեան անդամ Վիքթոր Շէյնիս` «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» պարբերականին մէջ հրապարակուած «Դժուար ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն» վերնագրուած իր յօդուածին մէջ:

Հեղինակը նշած է, որ իրեն բախտ վիճակուած է հետեւելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անկախութենէն ի վեր իրականացուած ընտրութիւններու ընթացքին: «Այս տարիներու ընթացքին ես եղած եմ տասնեակ ընտրատեղամասերու մէջ, հանդիպած` շատ թեկնածուներու, նախարարներու, այլ քաղաքական գործիչներու, նաեւ` ընդդիմադիրներու հետ: Խօսած եմ ընտրատեղամասեր այցելած բնակիչներու, ընտրական յանձնաժողովներու անդամներու ու դիտորդներու հետ: Կրնամ ամենայն պատասխանատւութեամբ նշել, որ անոնք միշտ եղած են ազատ, արդար, թափանցիկ եւ այլընտրանքային ընտրութիւններ: Ամէնէն շատ ես կ՛ուզէի, որ Ռուսաստանը երբեւիցէ մօտենար ընտրութիւններու նման մակարդակի», կը գրէ յօդուածագիրը:

Ըստ անոր, հակառակ իրականացուած բարձր մակարդակի ընտրութիւններուն, այս երկրին մէջ կեանքը այդքան ալ հեշտ չէ: «Ահա արդէն մէկ քառորդ դար ան կը դիմակայէ ազրպէյճանական ղեկավարութեան վայրագութիւնը: Սակայն 1988-էն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կ՛ապրի, կ՛ամրապնդէ իր պետականութիւնը, կը բուժէ 1991-1994-ին պատերազմի հասցուցած վէրքերը», կը գրէ թերթը:

Ըստ փրոֆէսէօրին, ղարաբաղեան հողի մէջ այժմ խաղաղութիւն է, ոչ ամուր, անկայուն` շփման գիծին փոխհրաձգութիւններով: «Պաքուէն մշտապէս կը հնչեն յայտարարութիւններ, որ եթէ Ղարաբաղը խաղաղութեամբ չընդգրկուի իր կազմի մէջ, ապա հարցը կը լուծուի ուժով: Սակայն, այնուամենայնիւ, ղարաբաղցիները կ՛ուզեն հաւատալ վաղուայ օրուան: Անոնք չեն մեկնիր, ինչպէս 1990-ականներուն, այլ կը մնան ու սերունդ կը բազմացնեն», կը գրէ ան:

Ազրպէյճանի գլխուն թափող քարիւղի տոլարները հնարաւորութիւն կու տան իշխանութիւններուն` համալրելու սպառազինութիւնները: «Ղարաբաղեան հանգոյցը կարողականութեան առումով լուրջ սպառնալիք է այս պայթիւնավտանգ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար», կը գրէ յօդուածագիրը:

Հեղինակը կը նկատէ, որ խնդիրի կարգաւորման հարցով, կարծես, հետաքրքրուած է նաեւ միջազգային հանրութիւնը: Երկար տարիներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի շրջանակէն ներս կ՛ընթանայ բանակցային գործընթաց: «Սակայն այժմ տպաւորութիւն կայ, որ ան մտած է փակուղի: Բանակցային գործընթացին չի մասնակցիր ամենահետաքրքրուած կողմը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը յամառօրէն չի ցանկար ճանչնալ իրականութիւնը` Ղարաբաղի բնակչութիւնը երբեք չի համաձայնիր տալու արեան գնով նուաճած ազատութիւնը», կը գրէ ան` աւելցնելով, որ ակնյայտ է, որ` «Լաչինն ու Քելբաջարը (Բերձորն ու Քարվաճառը) պէտք է մնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կազմի մէջ»:

«Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ ապրիլն ու ինքնուրոյն ընտրութեան իրաւունքը չի կրնար բանակցութիւններու առարկայ դառնալ: Այդ իսկ պատճառով անհասկանալի են ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները, որոնք չեն ճանչնար իրականացուած ընտրութիւններու արդիւնքները», կը գրէ Շէյնիսը:

Միջազգային հանրութեան պարտքն է բացատրել Պաքուին, որ անոր յաւակնութիւնները` վերադառնալ խորհրդային ժամանակաշրջանի տարածքային կառուցուածքին, չեն բաւարարուիր, իսկ ուժ կիրարկելու սպառնալիքները ընդամէնը խաբէութիւն են:

«ԹԵՐԹ»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )