Հայէ Դարձածներուն Պէտք Է ըսել` Սատկեցան
Թրքական քաղաքական դաշտին եւ անոր հետեւողութեամբ` լրատուամիջոցներուն բեւեռացումին ու յանձնառութեանց բերմամբ երկչոտ էր այն հակազդեցութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններէն մէկուն` հայերու եւ քիւրտերու հասցէին կատարած «անպատշաճ» եւ «նախատական» յայտարարութիւնը:
Արդարեւ, պոլսահայ մեր պաշտօնակից «Մարմարա»-ն խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւններուն իր տեղեկատուութիւնը կը սկսի նկարագրելով իշխանութեանց թափած «քաղցր լեզուն»-ն
«Մարմարա» լրատուութիւնը կը սկսի նկատել տալով, որ մինչ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան կառավարութիւնը այնքան բարեացակամ վերաբերում կը ցուցաբերէ երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, երբ այնքան ջերմ յայտարարութիւններ կը կատարուին փոքրամասնութիւններու հետ միասնութեան կապակցութեամբ, ցաւալի է երբեմն լսել նոյն այդ կուսակցութենէն երեսփոխանէ մը, որ ահաբեկչութեան դէմ խօսելու ընթացքին իր չափէն դուրս կու գայ ու ո՛չ միայն անպատշաճ լեզու կը գործածէ մեռեալներու մասին, այլ նաեւ անցողակի կերպով կը նախատէ հայ ժողովուրդը:
Այնուհետեւ «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ իշխող կուսակցութեան Էրզրումի երեսփոխան Մուհետտին Աքսաքէն, որ Փալանտէօքենի մէջ կազմակերպուած տօնական յայտագրի մը մասնակցեցաւ ու ելոյթ ունեցաւ: Ելոյթին մէջ նշեց, որ վերջերս 200 ՔԱԿ-ի անդամներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, բայց ասոնց համար պէտք չէ գործածել «անվնաս վիճակի բերուեցան» բացատրութիւնը, այլ պէտք է ըսուի «սատկեցան»: Մենք կը զատորոշենք մեր քիւրտ եղբայրները: Երբ կը նայինք այս ահաբեկիչներուն, կը տեսնենք, որ ասոնք կա՛մ ծախուած ուղեղներ են, կա՛մ հայէ դարձած երեխաներ եւ կա՛մ Սուրիէայն եւ Իրանէն մեր երկիրը սպրդած ստորներ», ըսաւ ան:
Նոյն քաղաքական խմբաւորումին պատկանող թուրք իշխանաւորներու «բարեացակամ վերաբերումին» ու «ջերմ յայտարարութիւններուն» ու «փոքրամասնութիւններու հետ միասնութիւն», առանց մոռնալու «Հայերուն հետ հասարակաց ցաւերուն մասին շարլաթանութեան խոտոր համեմատող, Աքսաքի սրտբաց եւ անկեղծ այդ յայտարարութիւնները սահմանափակ հակազդեցութիւններ պատճառեցին:
Այսպէս, «Հիւրրիյէթ»-ի յայտնի սիւնակագիր Ահմեթ Հաքան իր սիւնակին մէջ կարճ տողերով պախարակեց Աքսաքը: «Հայէ դարձած ասութիւնն ալ կրկին դրուեցաւ շրջագայութեան մէջ» խորագրեալ իր ակնարկին մէջ Հաքան նոյնութեամբ կը գրէր հետեւեալը.
«Ինչ որ կը պատահէր 80-ական կամ 90-ական թուականներուն նոյնը կը պատահի 2012-ին եւս: Այս պատճառաւ կը սպասէի, որ վերստին շրջագայութեան մէջ դրուէր «այս ահաբեկիչները հայ են» ասութիւնը: Շատ չսպասեցի: Մուհեէտտին Աքսաք անուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանը երկարեց իր գլուխը:
Երբ կը խօսէր ՔԱԿ-ի մասին, Աքսաք ըսաւ հետեւեալը.
«Ասոնք հայէ դարձածներու զաւակներ են»:
Նայէ՛, Մուհեէտտին պէյ,
Քանի որ ցեղապաշտութիւն պիտի ընես, քանի որ չարութիւն պիտի գործես, գնա՛ եւ ուրիշ գետնի մը վրայ ըրէ ատիկա:
Ատիկա մի՛ ըներ իբրեւ թիրախ ցոյց տալով մեր անմեղ հայ հայրենակիցները, որոնց թիւը նուազելով ու նուազելով` իջեր է մինչեւ 20 հազարի: Այսքան մը մարդկութիւնը դուն քեզի շատ մի՛ տեսներ»:
Իսկ «Հիւրրիյէթ»-ի մէկ այլ յայտնի սիւնակագիրը` Սետատ Էրկինը, նոյնքան ազդուած է այն յայտարարութենէն, զոր ըրած էր Աքսաք: Այս երեսփոխանը երբ կը պնդէր, որ սպաննուած քիւրտերուն համար պէտք է ըսել` «սատկեցան», աւելցուցած է, որ պէտք չէ բոլոր քիւրտ հայրենակիցները կապել ՔԱԿ-ին: Այս հոգածութիւնը ցոյց տալու ընթացքին ալ ահաբեկիչներուն համար, զանազան անուանումներու կարգին, ըսած էր` «Հայէ դարձածներուն զաւակներ»:
Էրկին այսպէս կը գրէ.
«Իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան մէկ երեսփոխանը, որ երկու նստաշրջանէ ի վեր խորհրդարանի մէջ է, նախատական իմաստով է, որ կը գործածէ «Հայէ դարձածներուն զաւակներ» ասութիւնը: Ընդունինք, որ տակաւին Թուրքիոյ մէջ է յաղթահարուած լայն զանգուածէ ներս տարածուած այն բնազդային մտածումը, թէ հայկական ծագում ունենալը մարդիկ արատաւորելու առիթ է: Մամուլի մէջ ալ յաճախակի կերպով կրնանք տեսնել: Հայկական ծագում ունենալու նախատական ձեւը տակաւին անցեալները լրագրող Ալի Պայրամօղլուի դէմ գործածուեցաւ, պնդուեցաւ, որ Պայրամօղլու հայկական ծագում ունի ու կը թաքցնէ այդ ինքնութիւնը: Ամէն անգամ որ այսպիսի նախատինք մը կը կատարուի, որքան կ՛անհանգստանան այս երկրին մէջ ապրող հայ հայրենակիցները»:
Սետատ Էրկին կ՛աւելցնէ, որ այս ցեղապաշտ կեցուածքը միայն հայերու դէմ չէ, մասնաւորաբար` հրեաներուն ու բոլոր քրիստոնեաներուն դէմ: Հրեայ ըլլալն ալ յանցանք է կարծես: Այսպիսի ելոյթներ բնականաբար կը հակասեն մեր (այսինքն` թրքական) պետական մարդոց կողմէ պարբերաբար կատարուած այն յայտարարութիւններուն, որոնք լայնախոհութիւն կը քարոզեն:
Էրկին դիտել կու տայ, որ նմանօրինակ ելոյթներ այլեւս ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ընդունուին որպէս «ատելութեան յանցանքներ»: Թուրքիոյ մէջ ալ այսպիսի օրէնքի մը պահանջը կայ: Բայց քանի որ տակաւին օրէնքը, չկայ, իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութիւնը, որպէսզի հանգստացնէ այս երկրինմ էջ ապրող մեր հայ հայրենակիցները, կրնայ սիրուն շարժուձեւ մը ընել` ըսելով, որ իշխանութիւնները չեն բաժներ երեսփոխանին ըսածները:
Ըստ երեւոյթին, այդ «սիրուն շարժուձեւ»-ն իսկ շատ է…

