«Պատմութեան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Համախմբուին Անտիոքի, Աղեքսանդրիոյ Եւ Երուսաղէմի Եկեղեցիները» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Անթուան Գալայճեան

«Արեւելքը Քրիստոսի հողն է, Քրիստոս հոս ծնած է, խաչուած, մահացած ու յարութիւն առած է, կարելի չէ ա՛յս տարածքին վրայ քրիստոնեաներու գոյութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին չմտածել ու համապատասխան աշխատանքներու չձեռնարկել», հաստատեց «Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպում»-ի հիմնադիր անդամ, գանձապահ Անթուան Գալայճեան` «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Անոր համար մեծ մտահոգութիւն է Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն վիճակը, հրամայական եւ մարտահրաւէր է ամէն ձեւով, յատկապէս խօսքի սահմաններէն դուրս` գործով ու շօշափելի ծրագիրներով, քրիստոնեաներուն կացութեան բարելաւումը եւ անոնց համար հանգիստ ու բարւօք պայմաններու ստեղծումը: Այս նպատակով ալ համագործակցութեան սերտ կապեր հաստատուած են «Արեւելքի հիմնարկ»-ին հետ` նորանոր ծրագիրներ մշակելու եւ համադրուած ճշգրիտ աշխատանք ծաւալելու նպատակով:

Այս է մեր զրոյցին առանցքը, իսկ Անթուան Գալայճեան մեզի փոխանցեց տեղեկութիւններ` գոյութիւն ունեցող ծրագիրներուն մասին, որոնց մեկնարկը պիտի կատարուի այսօր` 7 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հարիսայի Լիբանանի Տիրամօր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: «Արեւելքի հիմնարկ»-ի նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ Արեւելքի համայնքներու եւ կրօններու միացեալ աղօթք, որուն պիտի մասնակցին իսլամները` սիւննիները, շիիները եւ տիւրզիները, քրիստոնեաները` կաթողիկէները (լատին, յոյն կաթողիկէ, մարոնի, հայ, ղպտի, քաղդէացի, ասորի), ուղղափառները (յոյն ուղղափառ, հայ առաքելական, ղպտի, քաղդէացի, ասորի) եւ աւետարանականները:

«Ուրբաթ օր տեղի պիտի ունենայ իր տեսակին մէջ առաջին աղօթքը, զոր կատարելու համար պիտի համախմբուին Արեւելքի բոլոր հիմնական եկեղեցիները: Արդարեւ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը համախմբուին Անտիոքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի եկեղեցիները: Ուզեցինք մեր աշխատանքներուն առաջին քայլը ըլլայ նման աղօթք մը, որպէսզի հաստատենք, որ արեւելեան ընկերային հիւսուածքը բազմազանութեան իսկական եւ ամէնէն հին օրինակներէն մէկն է աշխարհին վրայ, եւ որ ամէնէն աւելի կարողականութիւն ունի գոյատեւելու: Արդարեւ, անիկա կենդանի օրինակ է, կանգուն է, անոր բաղադրիչները ամէնէն հին դարերէն ի վեր կան, կը մերձենան եւ իւրայատուկ ու մնայուն կերպով կը շարունակեն գոյատեւել: Աղօթքի մը շուրջ իսլամներն ու քրիստոնեաները համախմբելով կ՛ուզենք ըսել աշխարհին, որ տակաւին կը պահպանուի շուրջ հարիւր տարուան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան խճանկարը: 7 սեպտեմբերի միացեալ աղօթքին ընթացքին Մարիամ Աստուածածնին մասին ընթերցումներ պիտի կատարուին Աւետարանէն եւ Քորանէն, ելոյթ պիտի ունենան մարոնիական, հայկական, ուղղափառ եւ ղպտի համայնքներու երգչախումբերը: Անիկա կը հովանաւորուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ, ներկայ պիտի ըլլան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ հոգեւորականներ: Միջազգային տարողութեամբ աղօթք մը պիտի ըլլայ, պիտի յայտարարենք իրաւական, տնտեսական նախաձեռնութիւններ եւ միջազգային բողոքագիրի անդրադարձ պիտի կատարուի», դիտել տուաւ Անթուան Գալայճեան: Անոր համաձայն, արդէն ուսումնասիրութիւններ կատարուած են ճշդելու, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է հարցերը հետապնդել եւ աշխատանք տանիլ:

Ան համոզուած է, որ կարելի չէ փոքր աշխատանքներով, անջատ կառոյցներով արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալել: Այդ պատճառով ալ` իբրեւ անդամը եւ հիմնադիրներէն մէկը «Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպում»-ին, հոգեւորականներու օրհնութիւնը առնելով` Ա. Գալայճեան խոստացած էր աշխատանք տանիլ համագործակցութեան եզրեր գտնելու այլ կառոյցներուն հետ: «Ասիկա առաջին քայլն է, միասնաբար կ՛աշխատինք, ստորագրեցին միասին գործելու արձանագրութիւն, որպէսզի գործունէութեան համադրում կատարուի, կրկնութիւններ եւ խաչաձեւումներ չըլլան: Մեր նպատակն է քրիստոնեան պահել իր հողին վրայ, համոզենք, որ հոս մնան, նիւթապէս օժանդակենք անոնց եւ առկայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու իմաստով օգնենք», նշեց ան:

Խօսելով «Արեւելքի հիմնարկ»-ի առաքելութեան մասին` Ա. Գալայճեան դիտել տուաւ, որ անիկա կը միտի հիմնականին մէջ քրիստոնեաները կառչած պահել իրենց արեւելեան արմատներուն եւ կրօնական հիմերուն, այլ կրօններուն եւ համայնքներուն հետ մնայուն երկխօսութիւն հաստատել, արեւելեան ընկերային կառուցուածքին իւրայատկութիւնը պահպանել: Այս կառոյցին պարտականութիւնն ու առաջադրանքն է պահպանել Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը, մասնակից դառնալ Արեւելքի տնտեսական եւ բարգաւաճման կացութեան բարելաւման, միջազգային մակարդակներու վրայ քրիստոնեաներուն ձայնը լսելի դարձնել, անոնց իրաւունքները պաշտպանել, քաջալերել Արեւմուտք ապրող քրիստոնեաները` դէպի Արեւելք ուխտագնացութիւններ կատարելու եւ այցելութիւններ տալու: Ա. Գալայճեան հաստատեց, որ այս կառոյցը ոչ մէկ շահաբեր միտումներ ունի, քաղաքական չէ, արձանագրուած է Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Իր խօսքի աւարտին Անթուան Գալայճեան յայտնեց, որ աշխատանքներու նորանոր հորիզոններ կան, տարբեր ծրագիրներ պիտի իրականանան եւ այդ մասին օրին յայտարարութիւններ պիտի հրապարակուին, եւ տեղեակ պահուի հանրային կարծիքը:

 

Share this Article
CATEGORIES