Սամուէլ Խաչատրեան Հրաժարեցաւ. Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնը Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Սամուէլ Խաչատրեան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի արտակարգ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին մարզիչներ, մարզիկներ եւ այս մարզաձեւին պատասխանատուները:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը, որ փոխանցեց լուրը, աւելցուց ըսելով, որ այս նիստին աշխատանքները ղեկավարեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:

Քննարկուեցան Հայաստանի ծանրաբարձներուն ելոյթները` Լոնտոնի 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:

Խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի տղոց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեան եւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահ Սամուէլ Խաչատրեան: Ապա վերջինս ներկայացուց իր հրաժարականը:

Տեղի ունեցաւ նոր ընտրութիւն, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նոր նախագահ նշանակուեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Արմէն Շահազիզեան:

Ողիմպիական ախոյեան Օգսէն Միրզոյեան բոլոր ծանրաբարձներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սամուէլ Խաչատրեանին` միասնական արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին նորընտիր խորհուրդը յառաջիկային պիտի քննարկէ եւ ներկայացնէ 2012-2016-ի ողիմպիական հանգրուանին իր կատարելիք աշխատանքներուն ծրագիրը:

Հայկական վերոնշեալ աղբիւրը իր այս լուրը եզրափակեց ըսելով, որ այս նիստին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար եւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )