«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանակակիրները Այցելեցին Հայաստանի Տեսարժան Վայրերը

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները երէկ այցելեցին կրօնական բնոյթ ունեցող պատմական վայրեր:

Անոնց կանգառները հանդիսացան մասնաւորաբար Գառնիի տաճարը եւ Գեղարդ վանքը: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Դիլիջան, ուր ըմբոշխնեցին Պարզ լիճը, ճաշեցին այդտեղ եւ գիշերեցին «Թառաւանդ» պանդոկին մէջ: Անոնք այսօր կ՛այցելեն Սեւանայ լիճ:

Share this Article
CATEGORIES