Ծերակուտական Քերի «Ցնցուած Է» Սաֆարովի Հերոսացումէն

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ եւ նախագահական նախկին թեկնածու Ճան Քերի 5 սեպտեմբերին խստօրէն դատապարտած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու Ազրպէյճանի նախագահին որոշումը:

«Ցնցուած եւ ապշած եմ, որ Ազրպէյճան ո՛չ միայն ողջունեց Սաֆարովը, այլ նաեւ ներում շնորհեց, փառաբանեց եւ պարզապէս հերոսացուց զայն: Այս սադրիչ գործողութիւնը անտեղի կերպով նոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը դնէ երկու երկիրներուն միջեւ բխրուն խաղաղութիւնը, միաժամանակ հարուած մը հասցնելով Ազրպէյճանի կառավարութեան վարկին», նշած է Քերի` իր գրասենեակին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի  գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան  ամերիկահայութեան անունով ողջունեց Քերիի այս յայտարարութիւնը:

«Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ծերակուտականին` անարդարութեան դէմ տարուող անոր սկզբունքային աշխատանքին համար, եւ կոչ կ՛ընենք անոր եւ անոր օրէնսդիր գործընկերներուն, որ ի շահ խաղաղութեան, յաւելեալ քայլերու դիմեն Ազրպէյճանի յատկացուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը կասեցնելու ուղղութեամբ», նշած է Յակոբեան:

Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Հենրի Ուաքսմեն, իր կարգին, շեշտած է, որ խորապէս մտահոգուած է մարդասպան Սաֆարովին ներում շնորհելու առնչութեամբ, իսկ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ  քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա «Ֆրեզնօ Պի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ գործած անարդարութիւնը առնուազն վիրաւորական է: Մենք ամուր կանգնած ենք Հայաստանի մեր ընկերներուն կողքին այս դժուար օրերուն` ի նշան մեր հաստատ նուիրուածութեան` արդարութեան, խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքին», ըսած է Քոսթա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )