Բողոքի Ցոյցեր` Յունաստանի Մէջ Հունգարիոյ Ներկայացուցչութեանց Առջեւ
Յունահայութիւնը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանի արտայանձնելու Հունգարիոյ պատասխանատուութեան առնչութեամբ իր բողոքը արտայայտեց` երկու ցոյցերով:
5 սեպտեմբերին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ Հունգարիոյ զոյգ ներկայացուցչութիւններուն առջեւ համախմբուեցան յունահայերը: Կէսօրուան ժամը 1:00-ին տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի ցոյցը` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ցուցարարները համախմբուեցան Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ, ապա քայլարշաւով շարժեցան դէպի Հունգարիոյ հիւպատոսութեան շէնք` բարձրախօսով այս մասին կարգախօսներ բացագանչելով: Պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ Հունգարիոյ հիւպատոսի ներկայացուցիչին կողմէ, որ ստանձնեց բողոքի յուշագիրը առ որ անկ է փոխանցելու պարտականութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ Աթէնքի ցոյցը` ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան միացեալ կազմակերպութեամբ:
Ցուցարարները համախմբուեցան Վասիլիսիս Սոֆիաս կեդրոնական պողոտային վրայ` մեծ պաստառներ պարզած: Երիտասարդներ, պատանիներ, տարեցներ, յունահայ եւ Հայաստանէն Աթէնք հաստատուած մեծ թիւով հայրենակիցներ ներկայ եղան եռանդուն ցոյցին: Ցոյցը կը գլխաւորէին Արցախէն Յունաստան այցելող 22 պատանիներ` իրենց դաստիարակներով, որոնք հպարտօրէն պարզած էին Արցախի դրօշը:
Ցուցարարները յառաջացան կարգախօսներ բացագանչելով:
Ցոյցը կանգ առաւ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ` ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: Կարճ խորհրդակցութենէ ետք դեսպանութեան մուտքին իջաւ դեսպանի խորհրդականը, որ ընդունեց եռանդամ պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը իրեն յանձնեց բողոքի յուշագիրը` բացատրելով, որ հայութիւնը ամբողջ ընդվզած ու զայրացած է Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումէն` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպանը Ազրպէյճանին արտայանձնելու առնչութեամբ: Հունգարացի պաշտօնակատարը հաւաստիացուց, որ Աթէնքէն եւ Թեսաղոնիկէէն հնչած բողոքի ձայները պիտի հասնին Պուտափեշտի իշխանութիւններուն, եւ ստանձնեց գրաւոր յուշագիրը յանձնելու պարտականութիւնը:

