Սայտայի Աղբանոցին Մէջ Բռնկեցաւ Հրդեհ Մը
Երէկ առաւօտեան Սայտայի աղբանոցէն բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ հետզհետէ աւելի մեծցաւ եւ անկարելի եղաւ զայն հակակշիռի տակ առնել հրշէջներուն կողմէ:
Հրշէջներուն եւ Սայտայի քաղաքապետութեան օժանդակութեան հասաւ նաեւ բանակը:
Շրջանին բնակչութիւնը նեղացաւ հրդեհէն եւ անոր պատճառած հոտերէն ու թունաւոր կազերէն, որոնց պատճառով արձանագրուեցան նաեւ թունաւորումներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

