Թարիք Ժտիտէի Մէջ Զինեալ Բախումներ
Երէկ երեկոյեան մայրաքաղաք Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին Ֆաքհանի թաղամասին մէջ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին հինգ վիրաւոր:
Զինեալ բախումները կասեցնելու նպատակով շրջան ժամանեց լիբանանեան բանակը, որ իսկոյն իր զրահապատներուն համար դիրքեր ճշդեց եւ իր հակակշիռին տակ առաւ կացութիւնը:
Միւս կողմէ, յայտնուեցաւ, որ զինեալ բախումները արձանագրուած են Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներուն միջեւ:
CATEGORIES Լիբանանեան