Իսլամ Կրօնաւորներու Համախմբումը Կը Զօրակցի Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց դեսպան Ալիի:
«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը պահանջելը ամերիկեան, իսրայէլեան եւ եւրոպական քաղաքական օրակարգերու գործադրութեան համազօր է», նշեց Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումին բանբերը:
Համախմբումը նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները շատ աւելի հզօր են, քան դեսպանատունը, եւ ոեւէ հայրենասէր ու դիմադրող լիբանանցի կրնայ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը նկատուիլ:
Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարած արշաւը, որ կը կոչուի Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանի վտարում:
Համախմբումը դիտել տուաւ նաեւ, որ այսօր Սուրիա համաշխարհային պատերազմ մը կը դիմագրաւէ համայնքային եւ յարանուանական անուններով, ինչպէս նաեւ քննադատեց սուրիական արբանեակային կայաններուն սփռումը խզելու քայլերը:

