Զօր. Աուն Ընդունեց Ուահապն Ու Եաագուպը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մասին վերջին հանգրուանին Եւրոպական Միութեան կեցուածքը դրական էր, «սակայն եթէ ոմանք կը հաւատան եւ համոզուած են, որ 1960-ի օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի է կատարել, ապա ես կը հաստատեմ, որ անկարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել 1960-ի օրէնքին հիման վրայ», ըսաւ ան:
Ուահապ ընդգծեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը իրաւազրկող եւ դաժան օրէնք մըն է, որուն հիման վրայ երբեք կարելի չէ ընտրութիւններ կատարել:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, որ յայտնեց, թէ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետին` Ապտալլա Սանուսիի Մաւրիտանիայէն Լիպիա փոխադրելը լաւ իրադարձութիւն մըն է` աւելցնելով, որ պէտք է Սանուսին անմիջապէս հարցաքննութեան ենթարկել իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտացումին առումով:
Ան նկատել տուաւ, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել եւ փոխել իմամ Սատըրի անյայտացման թղթածրարը հետապնդելու ոճը:
Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ ոմանք ներկայիս իրենց հայեացքը սեւեռած են Քըլէյաաթի օդակայանին վրայ, բայց անոնք պէտք է վստահ ըլլան, որ Քըլէյաաթի օդակայանը բանելու պարագային, անոր զուգահեռ պիտի աշխատի նաեւ Ռայեաքի օդակայանը:

