Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Միջազգային Յարաբերութեանց Ֆրանսական Հիմնարկի Պետը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային յարաբերութեանց ֆրանսական հիմնարկի պետ Թիերի տը Մոնրէալը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիմնարկին գործունէութիւնը` միջազգային յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր մարզերուն մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերաբերող նիստ մը` նախագահութեամբ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի եւ ներկայութեամբ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին:
CATEGORIES Լիբանանեան


