ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲ. ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ` երեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական ակումբին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 96-ամեակին առիթով համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երաժշտահաններու մեծարանքի համերգ` կատարողութեամբ լիբանանահայ ուսանողներու:
Աւելի քան 300 հայ թէ օտար ներկաները գնահատեցին այս նախաձեռնութեան իրագործումը` զուտ ուսանողական ջանքերով: Մասնաւորաբար տեղացի հանդիսականները, որոնք նոր կը ծանօթանային հայ երաժիշտներու գործերուն, շեշտեցին այդ գործերուն տեղը միջազգային արուեստին մէջ:
Յաջորդաբար Հրակ Փափազեան տուտուկի վրայ նուագեց «Տըլէ եաման»ը, Կարին Պօղոսեան դաշնակի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»ն, Խաչիկ Տեմիրճեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Բալիկ Լատոյեանի կատարեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը:
Այնուհետեւ Հրայր Քալեմքերեան կիթառի վրայ եւ Գէորգ Մանուկեան տուտուկի վրայ նուագեցին «Եար քո բարակ պոյիդ մեռնեմ»ը: Խաժակ Խաչատուրեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Աբիկ Չոլաքեանի, նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Պատանիներու պար»ը եւ Ա. Սպենդիարեանի «Ղայթարման»ն: Ապա դարձեալ Աբիկ Չոլաքեան դաշնակի վրայ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»ն:
Հրակ Փափազեան (տուտուկ) եւ Արամ Փափազեան (տհոլ) նուագեցին Գուսան Շերամի «Աչքդ խումար»ը: Համազգայինի ջութակահարներու համոյթը իր կարգին` ընկերակցութեամբ Նաթալիա Քապուսթինայի, նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Անտանթինա», Կոմիտասի «Օրօր» եւ ժողովրդային «Վաղարշապատ» եղանակները:
Հուսկ ապա, Հրակ Փափազեան, Արամ Փափազեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Հրայր Քալեմքերեան նուագեցին ազատ կտոր մը` «Մեծարանք»ը:
Պէյրութի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցածը իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն էր` հայ երաժշտութեան միջոցով յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: