ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ` ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ԴՊՐՈՑԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Այնթուրայի դպրոցին մէջ համախմբուած հայ աշակերտութիւնը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, գործակցութեամբ Միսաք Քելեշեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի, Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Վահան Թէքէեան վարժարանի, Սահակեան- Լ. Մկրտիչեան վարժարանի եւ ՔԱՀԼ-ի միջնակարգի եւ երկրորդականի աւելի քան 900 աշակերտներու, Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով Այնթուրայի դպրոցի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակներու զետեղում` դպրոցին մէջ գտնուող հայ որբերու շիրիմներուն վրայ:

Միսաք Քելեշեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Այնթուրայի դպրոցին մէջ բնակած որբերու կեանքին, անոնց կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ 1915-ին օսմանեան կառավարութիւնը բռնագրաւեց դպրոցը եւ զայն վերածեց թրքական որբանոցի մը, որ կ՛ապրէին 3-15 տարեկան հայ աշակերտներ, որոնք բռնի թրքացուեցան: Ան թուեց անունները նշանաւոր մարդոց, որոնք որբ մնացած են եւ Այնթուրայի որբանոցին մէջ ապրած: Քելեշեան մէջբերումներ կատարեց նաեւ որբանոցին մէջ ապրած Գառնիկ Բանեանի յուշերէն: Աշակերտները արտասուալից աչքերով հետեւեցան Քելեշեանի բացատրութիւններուն:

Հոգեհանգստեան արարողութեան պահուն

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 23 ապրիլին բոլոր վարժարաններու աշակերտները կը հաւաքուէին Անթիլիասի կաթողիկոսարան եւ Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղիկներ կը զետեղէին, սակայն այս տարի անոնք Այնթուրա եկած են, որովհետեւ 1915-1918 տարիներուն հոս ապրած են 1000 հայ որբուկներ, որոնք հակառակ անոր որ զրկուած էին իրենց ծնողներէն, որոնք նահատակուած էին, թուրքերը ուզած են զանոնք բռնութեամբ թրքացնել եւ հայութենէն հեռացնել: Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ այդ որբուկները չյանձնուեցան եւ դէմ դրին թուրքին` աւելցնելով, որ անոնք պայքարեցան, որ իրենց անունը չփոխուի, իրենց հաւատքը չուրանալու եւ իրենց լեզուն չմոռնալու սիրոյն ամէնէն ծանր չարչարանքներուն ենթարկուեցան: «Մենք ձեզի հոս հաւաքած ենք ձեր հայութիւնը պահելու համար», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ հայկական վարժարաններու աշակերտները եկած են փաստելու, որ հայկական հոգի ունին, հայ լեզուին տէր կը կանգնին եւ այդ որբուկներուն գործը կը շարունակեն: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ուխտելու իրենց հայկական անունով հպարտ ըլլալու, հայոց լեզուով ուրախ եւ հպարտ ըլլալու եւ այդ լեզուին տէր կանգնելու: Սրբազանը հաստատեց, որ այն որբուկները, որոնք ազատեցան Այնթուրայի որբանոցէն, շատ աւելի հայ դուրս եկան եւ աշխատեցան, օգնեցին, որ սերունդները հայ մնան, ինչպէս Գառնիկ Բանեանը: «Մեր յարգալիր կեցուածքով պէտք է ուրախացնենք այս որբուկներուն տանջուած, բայց վերապրած հոգիները», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Այնուհետեւ որբերու շիրիմին եւ խաչքարին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ զետեղեց շիրիմին եւ խաչքարին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES