«Դրօ» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արագածի «Դրօ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած սրահի բացման հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գէորգ Նալպանտեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Դրօ» կոմիտէութիւնը հիմնուած է ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակներուն հետեւեալ անփոփոխ հիմունքներուն վրայ` հայութեան պահպանում, Հայաստանն ու Արցախը` հայութեան, ուժ եւ կազմակերպութիւն, արդար աշխատանք` շեշտելով միաժամանակ, որ կոմիտէութիւնը պաշտպանած է շրջանի հայութեան պատիւը, ձեռք ձգած է յաղթանակներ, տուած է նահատակներ: Ան յայտնեց, որ ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» անունը կրող սրահը վերանորոգուած է շնորհիւ բարերար Ստեփան Տէր Պետրոսեանի` ի յիշատակ իր մօր` Արուսեակ Տէր Պետրոսեանի: Գ. Նալպանտեան հաստատեց, որ «վերանորոգուած սրահին մէջ խմբուելով պիտի փոխանակենք մեր մտքերը, պիտի ըլլանք միակամ, ՀՅԴ-ի ծրագիրները պաշտպանող, իսկ ճգնաժամային պահերուն պիտի պաշտպանենք շրջանի հայութիւնը որեւէ ոտնձգութեան դէմ»:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով Ռոզալին Նալպանտեան ասմունքեց Նիկողոս Սարաֆեանի «Ճշմարտութեան գիրքը» քերթուածը, իսկ Յակոբ Քելուկեան տուտուկի վրայ նուագեց երաժշտական կտորներ:

Յակոբ Գառնեշեան

Գէորգ Նալպանտեան

ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնեշեան: Ան յայտնեց, որ ակումբին իւրաքանչիւր անկիւնը իր մէջ կը պարփակէ հերոսական դէպքի մը կամ հերոսի մը անջնջելի հետքը` աւելցնելով, որ շրջանի պատմութեան հերոսական էջերուն մէջ պիտի յիշուի, թէ ինչպէ՛ս «դաշնակցութեան լաւագոյն տղերքը իրենց կեանքը զոհաբերելով մարմնացուցին ժողովուրդէն ծնած` ժողովուրդին համար կարգախօսը»: Ան թուեց անունները շարք մը նահատակ ընկերներու, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին պարտականութեան ճամբուն վրայ` պատգամելով հայ երիտասարդութեան վառ պահելու Հայ դատի պահանջատիրութեան ջահը եւ վերջ տալ իրենց անտարբերութեան հարազատ ժողովուրդին նկատմամբ:

Անդրադառնալով սրահի վերանորոգման` Յակոբ Գառնեշեան նկատել տուաւ, որ ներկայիս ակումբները կը վերանորոգուին եւ գրաւիչ տեսք կը ստանան, սակայն ան շեշտեց, որ պէտք չէ մոռնալ հիմնականը, ժողովուրդին հաւատքը այդ կառոյցներուն նկատմամբ: «Պէտք է ամբողջովին վերանորոգել ժողովուրդին վստահութիւնը, վերարժեւորել ժողովուրդին կարիքները… հոգալ զանոնք: Չէ որ ժողովուրդէն ծնած ենք ու ժողովուրդին համար», շեշտեց Գառնեշեան` աւելցնելով, որ ժողովուրդի հարցերուն լուծման համար իբրեւ յառաջատար կուսակցութիւն ունինք կամք եւ վճռակամութիւն. կը մնայ մեր կողքին ունենալ մեզի վստահող ժողովուրդ, որպէսզի դէմ դնենք յոռի երեւոյթներուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գառնեշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ստեփան Տէր Պետրոսեանին եւ բոլոր այն ընկերներուն, որոնց ջանքերով իրականացաւ սրահի  վերանորոգման աշխատանքը: Աւարտին տեղի ունեցաւ վերանորոգուած սրահի ցուցանակի քողազերծում:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )