Օպամա Կը Խոստանայ Աֆղանիստանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալ

Օպամա եւ Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրումը եւ նշեց, որ «իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան մեր ձգտումը պէտք չէ չքանայ»` աւելցնելով, որ «աշխատանք պիտի տանիմ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմին վերջ տալու, ինչպէս որ Իրաքի մէջ կատարեցի: Արդարեւ, ձեզի խոստացայ վերջ տալ Իրաքի մէջ պատերազմին ու կեդրոնանալ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին վրայ եւ խոստումներս յարգեցի»:

Ան նշեց, որ «հիւլէական զէնքին տարածումը կասեցնելու համար ամբողջ աշխարհին հետ մեր դաշինքը ամրապնդեցինք»:

Օպամա ըսաւ, որ «ամերիկացի քուէարկողը յառաջիկայ նախագահի ընտրութեան ատեն յստակ ընտրանք մը ունի: Արդարեւ, հանրապետականները ամերիկացիներուն քուէն կ՛ուզեն, սակայն չեն ուզեր իրենց ծրագիրները անոնց յայտնել»: Օպամա նշեց, որ «ներկայիս քարիւղէն նուազ կախեալ ենք, քան անցնող քառասուն տարիներուն»:

Ռուսական vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն չորեքշաբթի օր պաշտօնապէս գործող նախագահ Պարաք Օպաման առաջադրած է Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած է Շարլոթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին:

Նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ  Պարաք Օպամայի տնտեսական ծրագիրը ճիշդ կը նկատէ եւ առաջարկած է 6 նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին անոր աջակցիլ:

Քլինթընի ելոյթէն ետք բեմ բարձրացած է Պարաք Օպամա, որ ներկաներուն կողմէ ընդունուած է ծափողջոյններով:

Վերջերս Թեմփ քաղաքին մէջ կայացած էր Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին Միթ Ռոմնի պաշտօնապէս նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու առաջադրուած էր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES