2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան Ապահովեց Իր Առաջին Երեք Կէտը` 1-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Մալթայի

Արթուր Սարգիսով

Երէկ` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 22 մրցումներ:

Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրն էր Մալթայի, ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը եւ բնականաբար առաջին երեք կէտերը` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:

Հայրենի կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց պահեստի մարզիկ Արթուր Սարգիսով (70-րդ)` սքանչելի փոխանցում մը ստանալէ ետք Եուրա Մովսիսեանէն:

Իր նշանակած այս կոլէն ետք, Հայաստան աւելի հանգիստ մրցում մը շարունակեց կատարել: Հայրենի մարզիկները վերջին հինգ վայրկեանին կրնային քանի մը առիթով դարձեալ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը, սակայն ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:

Ապահովելով իր առաջին երեք կէտը, Հայաստան այժմ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 11 սեպտեմբերին, դարձեալ իր դաշտէն դուրս, այս անգամ հիւրը ըլլալով Պուլկարիոյ:

Հոլանտա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ, Անգլիա` Մոլտաւիոյ (5-0), իսկ Ռուսիա` Հիւսիսային Իրլանտայի (2-0):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )