ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու տան փոխնախագահ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութեան:
Նախագահը կարեւոր նկատեց պարոնուհիին գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` ընդգծելով, որ Մեծն Բրիտանիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ չափազանց մեծ է խորհրդարանականներուն դերը:
Սերժ Սարգսեան ողջունեց պատուիրակութեան որոշումը` այցելելու նաեւ ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ այնտեղ լիարժէք պատկերացում կազմելու հիմնախնդիրի էութեան եւ իր հողին վրայ ազատ եւ անկախ ապրելու` Արցախի ժողովուրդի ձգտումին մասին:
Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւելագոյն ձեւով աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման: Անոնք արդիւնաւէտ եւ օգտակար նկատեցին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ նոյնպէս ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու տան փոխնախագահ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով պարոնուհին` նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց տարիներէ ի վեր Քարոլայն Քոքսի ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին, անոր կողմէ ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնը` նշելով, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ է պարոնուհիին իր հայանպաստ գործունէութեան համար:
Պարոնուհի Քոքս ընդգծելով, որ 1988-էն ի վեր սերտօրէն կապուած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ եւ ինքզինք կը նկատէ հայ ժողովուրդին բարեկամը, յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի նպաստ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ: Արծարծուեցաւ նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան կարելիութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան եւ բրիտանացի խորհրդարանականները քննարկեցին հայ-բրիտանական փոխադարձ գործակցութեան խորացման հեռանկարները: