ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՈՒՐՔ ԴԱՍԱԽՕՍ ՄԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ 24 ԱՊՐԻԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒԳԻ ՕՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի համալսարանի իրաւաբանական կաճառէն դոկտ. փրոֆ. Միթհաթ Սանճար յայտարարած է, որ 24 ապրիլը պէտք է Թուրքիոյ մէջ սուգի օր յայտարարուի:
«24 ապրիլը կը մօտենայ: Այդ օրը պէտք է սուգի օր յայտարարուի: Իսկ ատիկա պիտի ըլլայ ուղերձ առ այն, որ մենք ատիկա կը նկատենք իբրեւ ամօթ», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ «սակայն սեփական անցեալին հետ դէմ յանդիման գալէն հրաժարելով մենք օրինական հիմքի վրայ կը դնենք այն գաղափարախօսութիւնը, որ ճամբայ հարթեց այդ կոտորածներու իրականացման համար»:
CATEGORIES Հայկական